Հայաստանի ԱԳ նախարար Էտուարտ Նալբանդեան յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ողջունած է Փարակուէյի սենատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը: Նախարարը այս առթիւ ըսած է, որ բացայայտ է , որ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները վաղեմութեան ժամկէտ չունեն: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Փարակուէյի ծերակուտականներուն: