image

ԱՄՆ Սենատին առաջարկուած է պատժամիջոցներ սահմանել Էրտողանի ու շարք մը թուրք նախարարներու նկատմամբ

ԱՄՆ Սենատին առաջարկուած է պատժամիջոցներ սահմանել Էրտողանի ու շարք մը թուրք նախարարներու նկատմամբ

Ուաշինկթընը պէտք է անհատական պատժամիջոցներ սահմանէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի նկատմամբ՝ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւն սկսելու պատճառով: Նման առաջարկով բանաձեւի նախագիծը ԱՄՆ Սենատի անդամ, հանրապետական Լինտսի Կրեհըմը հրապարակած է Twitter-ի էջին: Անոր այդ նախաձեռնութեան աջակցած է դեմոկրատ ծերակուտական Քրիս Վան Հոլէնը:

Էրտողանէն բացի, ծերակուտականները առաջարկած են պատժամիջոցներ սահմանել Թուրքիոյ փոխնախագահի եւ արտաքին գործոց, ազգային պաշտպանութեան, տնտեսութեան եւ գանձապետարանի, առեւտուրի, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի նախարարներուն նկատմամբ:

Բանաձեւի նախագիծը կ'ենթադրէ ԱՄՆ տարածքին այդ անձանց դրամատնային հաշիւներու սառեցում, Թուրքիոյ ղեկավարութեան նկատմամբ վիզային սահմանափակումներու սահմանում, թրքական բանակին ամերիկեան սպառազինութեան վաճառքի արգելք եւ այլն:

Կրեհըմ աջակցութիւն ակնկալած է երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն։ Անոր խօսքով՝ քոնկրէսականներու մեծ մասը կը կարծէ, որ «ճիշդ չըլլար լքել քիւրտերը, որոնք ցոյց տուած են, որ ուժեղ դաշնակից են «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին»:

Ծերակուտականը նաեւ նշած է, որ նախագահի վարչակազմը «կը հրաժարի գործելէ»:

Մինչդեռ աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը Թուրքիոյ գործողութիւններու ծրագիրը «վատ գաղափար» անուանած էր եւ ընդգծած, որ պիտի չաջակցի անոնց: