Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին մէջ աւարտած է Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 77-ամեակի պատուին շքերթը:
Կեդրոնական ամպիոնին վրայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն էր, վեթերանները եւ միջոցառման հիւրերը։ Զօրահանդէսը կը ղեկավարէր բանակի ցամաքային զօրքերու գլխաւոր հրամանատար, զօրաէար Օլեկ Սալյուքովը: Զօրահանդէսը կ'ընդունէր պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։
Այս տարի Յաղթանակի շքերթին մասնակցած է 11 հազար մարդ, իսկ մեքենայացուած շարասիւնը կը ներառէ 131 միաւոր զրահասարք։ Տոնպասի պաշտպանութեան յատուկ ռազմական գործողութեան մասնակիցները Կարմիր հրապարակով անցած են նորագոն զրահափոխադրիչներով։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ծաղկեպսակ դրած է Քրեմլի պատին մօտ գտնուող Անյայտ զինուորի գերեզմանին։ Աւանդոյթին համաձայն՝ պետութեան ղեկավարը Կարմիր հրապարակին մէջ Յաղթանակի շքերթի աւարտէն յետոյ գացած է Ալեքսանդրեան այգի։
Անյայտ զինուորի գերեզմանը զինուորական փառքի համազգային յուշահամալիր է: Անյայտ խորհրդային զինուորի աճիւնը 1966 թուականին տեղափոխուած է Մոսկուայի շրջանի զանգուածային գերեզմանէն եւ հանդիսաւոր կերպով վերաթաղուած է Ալեքսանդրեան այգիին մէջ: Յաջորդ տարի այստեղ բացուած է յուշահամալիր, որու առանցքային տարրը Յաւերժական կրակն է, ինչպէս նաեւ քաղաք-հերոսներու (Լենինկրատ, Քիեւ, Մինսք, Սթալինկրատ, Սեւասթոփոլ, Օտեսա, Կերճ, Նովոռոսիյսք, Պրեսթ, Թուլա, Մուրմանսք եւ Սմոլենսք) ծառուղին:
Յաղթանակի շքերթին ժամանակ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է, որ Ռուսաստանի սահմաններուն մօտ անմիջական սպառնալիք կը ստեղծուէր, յարձակում կը նախապատրաստուր, այդ շարքին ռուսական Խրիմի վրայ:
![]()
«Բացայայտօրէն կը նախապատրաստուէին մէկ այլ պատժիչ գործողութեան Տոնպասի մէջ՝ ներխուժելու մեր պատմական հողեր, այդ շարքին՝ Խրիմ: Քիեւի մէջ յայտարարուեցաւ միջուկային զէնքի հնարաւոր ձեռքբերման մասին, եւ ՆԱԹՕ-ի դաշինքը սկսաւ աշխոյժ ռազմական զարգացումը յարակից տարածքներու վրայ: Այսպիսով, մեզի համար բացարձակապէս անընդունելի վտանգ ստեղծուաւ, ընդ որում՝ անմիջականօրէն մեր սահմաններուն», ըսած է պետութեան ղեկավարը։
«Մենք տեսած ենք, թէ ինչպէս կը զարգանայ ռազմական ենթակառուցուածքը, ինչպէս սկսած են աշխատիլ հարիւրաւոր օտարերկրեայ խորհրդականներ, ՆԱԹՕ-ի երկիրներէն ամենաժամանակակից սպառազինութիւններու կանոնաւոր մատակարարումներ եղած են։ Ամէն օր վտանգը կը մեծնար։ Ռուսաստանը կանխարգելիչ հակահարուած տուաւ յարձակման: Այդ հարկադրուած, ժամանակին եւ միակ ճիշդ որոշումն էր՝ ինքնիշխան, ուժեղ, անկախ երկրի որոշում», ըսած է Փութին։
Նախագահը ըսած է, որ Ռուսաստանը կոչ ըրած է Արեւմուտքին ազնիւ երկխօսութեան, բայց ամէն ինչ ապարդիւն էր։ «Ռուսաստանը միշտ հանդէս եկած է հաւասար եւ անբաժանելի անվտանգութեան համակարգի ստեղծման օգտին, համակարգ մը, որ կենսական նշանակութիւն ունի ամբողջ համաշխարհային հանրութեան համար», ընդգծած է Փութին։
«Անցեալ տարուայ Դեկտեմբերին մենք առաջարկեցինք պայմանագիր կնքել անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ, Ռուսաստանը կոչ ըրաւ Արեւմուտքին ազնիւ երկխօսութեան, խելամիտ փոխզիջումային լուծումներ գտնելու, միմեանց շահերը հաշուի առնելու: Ապարդիւն: ՆԱԹՕ-ի երկիրները չփափաքեցան լսել մեզի», յայտնած է Ռուսաստանի ղեկավարը։
Ան ընդգծած է, որ արեւմտեան երկիրներու նման դիրքորոշումը կը նշանակէ, որ «իրականում անոնք բոլորովին այլ ծրագրեր ունէին: Եւ մենք այդ տեսանք»:
Փութին ըսած է, որ Տոնպասի աշխարհազօրայիններն ու ռուսական բանակի զինուորները կը կռուին սեփական հողին վրայ, ուր անոնց նախնիները յաղթած են թշնամիին։
Կարմիր հրապարակին վրայ շքերթին կը մասնակցին նաև զինուորներ, որոնք ժամանած են անմիջապէս Տոնպասի պատերազմական գօտիէն, ըսած է նախագահը։
«Այժմ այստեղ՝ Կարմիր հրապարակին վրայ, մեր հսկայական Հայրենիքի շատ շրջաններու զինուորներն ու սպաները կանգնած են ուս-ուսի, ներառեալ անոնք, որոնք ժամանած են անմիջապէս Տոնպասէն, անմիջապես մարտական գօտիէն», ըսած է ան: