Պաքուն եւ Մոսկուան մտադիր են ամրապնդել արտաքին քաղաքական համակարգումը ինչպէս երկկողմ ձեւաչափով, այնպէս ալ տարբեր միջազգային հարթակներու վրայ, յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Գերատեսչութեան հաղորդմամբ՝ այս հարցը քննարկուած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի՝ Պաքուի մէջ կայացած հանդիպման:
Մանրամասն քննարկման ընթացքին տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։