Օրերս Մոնթրէալի մէջ կազմակեպութեամբ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, հանգամանաւոր կերպով ներկայացուած է հայ մեծ գրող Արշակ Չօպանեանը: Երեկոյի ընթացքին բանախօսած է այս առիթով յատուկ Նիւ Եորքէն հրաւիրուած ՌԱԿ գործիչ, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հաւատաւոր ներկայացուցիչներէն՝ Յակոբ Վարդավառեան:
Ստորեւ «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ ձեռնարկին մասին Մոնթրէալի «Ապագայ» պարբերականին մէջ լոյս տեսած թղթակցութիւնը:
Ուրբաթ՝ 14 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, գեղարուեստական տօնախմբութիւն մըն էր, որ տեղի կունենար Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան սրահին մէջ:
Բոլորս քաջ գիտենք Արշակ Չօպանեանը իբրեւ՝ գաղափարական, ազգային, գրական, քաղաքական եւ այլ հասարակական ոլորտներուն մէջ սլացող մը:
Այդ տրամադրութեամբ մուտք գործեցինք «Յ. եւ Ս. Արզումանեան» սրահ: Թղթատեցին գեղեցկօրէն պատրաստուած յայտագիրը, արձանագրուած «Օրհնութեամբ՝ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանի» թղթատեցի’նք եւ զարմա՜նք, հանդիսութիւնը համեմուած էր երաժշտական բաժիններով:
Պահ մը յայտնութիւն մըն էր Չօպանեանի գրական ասպարէզի կապակցութիւնը՝ երաժշտութեան հետ: Համբերեցինք, սակայն յայտագրի պատշաճ ընտրութիւնները պատասխանեցին մեր զարմանքին:
Հանդիսութեան ներկայացման հետեւողականութիւնը յանձնուած էր Միութեան վարչական Յարութ Գույումճեանի: Երբեմն միջանկեալ սրամտութիւններով համեմելով, ան կշիռքի տակ պահեց համոյթին հեզասահ ընթացքը:
Չօպանեան, անսահման ստեղծագործութիւններուն առընթեր, ունի նաեւ կարճ, զգայուն պատմուածքներ: Պատշաճ ընտրութիւն մըն էր՝ «Փոքրիկ Սամարացին»ը, քանի ունէր դրական ու հոգեպարար վերջաւորութիւն մը. Մարի Ճամպազեան իր հիանալի առոգանութեամբ եւ արտասանելու կարողութեամբ ու յստակ արտաբերութեամբ, թարգմանեց գրագէտին փոխանցելիք յուզումն ու ժպիտը՝ միաժամանա’կ:
«Չինար ես» եւ «Շողեր ջան»-ով Կոմիտաս անգամ մը եւս մարմնացաւ ու մարդացաւ մեր մէջ Մառինէլլա Օհանեան-Հոնտրոնիքոլաս ի միջոցաւ: Մեզի համար Մառինէլլա՝ յայտնութիւն մըն էր: Այսքա՜ն անկեղծ ու սրտայորդ, որ միայն կրնաս սքանչանալ…: Տասնչորս տարեկան շնորհալի այս կատարողին ապագան՝ արդէն կարելի է կանխատեսել:
Չօպանեանի «Հայրենի քնար» քերթուածէն ընտրուած, համաժողվուած, համատեղուած էին «վերյիշում» եւ «Օրօր Մայր Հայաստանի»-ները: Արդեօք կարելի՞ էր անոնց յաջորդականութիւնն ու տարբերակի արտայայտութիւնները աւելի հարազատօրէն փոխանցող մը ունենալ քան Սիլվա Ամատունին. չեմ կարծեր:
Կոմիտասի «Ախ Մարալ ջան» անգամ մը եւս արձագանգեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան պատերէն՝ Հիլտա Լիպարեանի ջերմ ու բորբ կատարմամբ:
Կոմիտասեան բոլոր նրբերանգներ ընդգրկող մեկնաբանութեամբ՝ Տարօն Նազիրկանեան երգե’ց իր հրաշալի լեցուն ինքնավստահ ձայնով, երգե’ց կարօտանքի ու անձկութեան ապրումով, երգե’ց՝
Կանչէ՜, կռունկ, կանչէ՜, քանի գարուն է,
… Ա’խ, սիրտս արուն է:
Կանչէ՜, կռունկ, կանչէ՜, քանի արօտ է,
… Ա’խ սիրտս կարօտ է:
Կանչէ՜, կռունկ, կանչէ՜, քանի արեւ է,
… Ա’խ, եարիս բարեւէ:
Այս առիթով սահիկներու ցուցադրութիւնը խնամօրէն պատրաստուած էր Միութեանս ժրաջան աշխատակիցներէն՝ Արա Եազըճեանի արհեստավարժ հմտութեամբ:
Անգամ մը եւս վայելեցինք Սամուէլ Քէօշկէրեանի արուեստի նրբութիւնները, մանաւանդ յայտագիրը հետաքրքրական եւ հարուստ ու պատշաճ նիւթերով ճոխացնելու կարողութեամբը: Յիշատակութեան արժանի՝ իբրեւ գեղարուեստական պատասխանատու՝ Քէօշկէրեանի յաջողութեան նժարի ծանրութիւնն այն է, որ նախկին ոչ մէ’կ ներկայացում, ոչ մէ’կ համոյթ կրկնութիւն մը եղած է: Ո’չ: Միշտ նոր կատարումներ, նոր կատարողներ, նորար (creative) ծրագիրներ եւ հետեւաբար պսակուած նորանոր յաջողութիւններ:
Սամուէլ Քէօշկէրեան արժանի է հնչուն գնահատանքի: Վերջապէս անգամ մը եւս արձանագրեց անվերապահ յաղթապսակ:
Յարութ Գույումճեան մեզի ներկայացուց պատուոյ հիւր եւ օրուայ բանախօս՝ ընկ. Յակոբ Վարդիվառեանը:
Հասարակական-ազգային գործիչ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հաւատարիմ զինուոր ու ռահվիրան, ուխտի կնքահայր ունենալով՝ Գերսամ Ահարոնեանը (1972). տարիներու ընթացքին ստանձնելով ատենադպրութիւն, փոխատենապետութիւն, ատենապետութիւն (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի շրջանային վարչութեան), «Պայքար» շաբաթաթերթի գործադիր խմբագրութիւն, եւ ամենէն կարեւոր աշխատանքը, նախաձեռնելով իր գլուխգործոցը՝ «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները»-ն, ուր ՌԱԿ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով եւ այսքան բծախնդրօրէն ներկայացնելով համապարփակ պատմականը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:
Ընկ. Վարդիվառեան միշտ մեզ կը հմայէ իր պերճախօս ու հետաքրքրական ոճով: Իրեն յատկացուած ժամանակը խիստ անբաւարար ըլլալով հանդերձ, ան նախ մեզ հրամցուց Արշակ Չօպանեանի գրական, ազգային ու հասարակական աշխոյժ գործունէութիւնը: Բանաստեղծութիւններու, նորավէպերու, «Ծաղիկ» ու «Անահիտ» պարբերականներու, շարան մը իր բեղուն գործունէութեան, որուն միջոցաւ ան կը բերէր իր անսակարկ մասնակցութիւնը քաղաքական-ազգային կեանքէն ներս:
«Երկար ատենէ ի վեր անտեսուած էր Չօպանեան,- բողոքեց յարգելի բանախօսը,- ո՛չ մէկ միութիւն, ո’չ մէկ կազմակերպութիւն գրած կամ խօսած էր Չօպանեանի մասին, սակայն իմ ծայրագոյն գնահատանքը կը յայտնեմ, որ Մոնթրէալի Թէքէեան մշակութային Միութիւնը նախաձեռնեց, ի մի հաւաքելու, լսելու ու արժէքաւորելու Չօպանեանը եւ Չօպանեանի մասին մտիկ ընողներու մշակութասէր հասարակութիւնը:
Չօպանեան, մնալով իր համոզումներուն մէջ եւ որդեգրելով ՌԱԿ-ի քաղաքականութիւնը, ան եղաւ անտեղիտալի պաշտպանը եւ մնայուն բարեկամը Խորհրդային Հայաստանի: Մի’շտ»:
Չօպանեան իր գրիչով, քաղաքական ժողովներով ու հանդիպումներով դարձաւ այն ոսկեայ կամուրջը, որ կապեց Խորհրդային Հայաստանը եւ Ֆրանսայի մշակութասէր խաւն ու հանրային կարծիքը: Ան կը հաւատար, թէ՝ «միջոցը կ’արդարացնէ նպատակը» եւ ան ֆրանսերէնի միջոցով հասաւ հայկականի նպատակին»:
1931-ին դրամահաւաքի արշաւանքը կազմակերպողներէն եղաւ՝ Զանգեզուրի երկրաշարժի աղէտեալներուն համար:
Որոտընդոստ ծափերով ողջունեց զինք՝ ներկայ հասարակութիւնը: Սակայն յարգելի բանախօսը չէր վերջացած տակաւին:
Անհամբեր եւ պահ մը զարմացած սպասեցինք, թէ դեռ ի՜նչ կրնար աւելցնել այս գեղեցիկ ու խանդավառ խօսքերուն վրայ:
Ընկ. Վարդիվառեան այս անգամ հանդարտ ու զուսպ ձայնով մարունակեց.-
-Սիրելիներ առաջարկ մը ունիմ, որ երկա՜ր ատենէ ի վեր զիս կը մտատանջէ: Անդրանիկ փաշային աճիւնները փոխադրուեցան Երեւան, եւ հոն դարձաւ սրբատեղի մը:
Որքա՜ն արդար պիտի ըլլար եթէ նման ծրագիր մըն ալ մշակէինք Արշակ Չօպանեանի համար, եւ անոր աճիւնները փոխադրէինք հայրենիք: Հոն, որուն համար Չօպանեան, իր բոլոր կեանքի ընթացքին, իր սկզբունքներով, պայքարած է: Թերեւս այս ձեւով իր հոգին պիտի խայտայ երբ ամէն առաւօտ պիտի շնչէ հայրենիքի թարմ զեփիւռը կամ պիտի ջերմանայ Երեւանի տաքուկ արեւով:
Առաջարկը ուղղուած էր Սրբազան Հօր, ներկայ Թէքէեանի Վարչականներուն, կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ յարգելի ատենապետին:
Եւ տիրապետող ծափահարութիւնը՝ հաւանութեան նշանն էր:
* * *
Սոյն աննախընթաց երեկոյթէն կարելի չէր դիւրութեամբ բաժնուիլ: Հաւաքուեցանք ու շրջապատեցինք յարգելի հիւրը: Հին յիշատակներ, ապագայ ցանկալի խորհրդածութիւններ…: Անսահման ուրախութիւն մը պատած էր մեր հոգիները: Արդեօք հանդիսութեան յաջողութի՞ւնը, Արշակ Չօպանեանի յիշատա՞կը, թէ յարգելի հիւրին ներկայութիւնն էին պատճառները այս յանկուցիչ հանդիպումին…: Թերեւս բոլորը:
Մինչեւ առաւօտեան առաջին ժամերը վայելեցինք… ու յետոյ բաժնուեցանք իրարմէ… հետերնիս տանելով անցեալ Չօպանեանի բայց կրկին թարմացած նոր Չօպանեանի մեկնաբանութիւնը:
Մեր յարգելի բանախօսին ու հիւրին կրկին հանդիպելու յոյսով:
Նիւթը՝ «Ապագայ»էն