image

Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցները գործադուլ կ'իրականացնեն

Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցները գործադուլ կ'իրականացնեն

Մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցները նախարարութեան շէնքի դիմաց գործադուլ կ'իրականացնեն:

Աշխատակիցները կը բողոքեն նախարարութիւններու կրճատման/միաւորման դէմ: Անոնք դիմում-բողոք պատրաստած են հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի անունով:

Աշխատակիցները կը բողոքեն, որ իրենց ոչ ոք կրճատման մասին տեղեակ պահած է:

«Մեզ միայն երէկ գրութիւն է ուղարկուել, որ նախարարութիւնը մի մասով միանում է Կրթութեան նախարարութեանը, միւս մասով՝ Քաղաքաշինութեան կոմիտէին»,- ըսած է բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն մէկը:

Աշխատակիցները կը պնդեն, որ ոչ մէկ մասնագիտական, հանրային քննարկում չէ եղած:

«Չգիտեմ՝ ովքեր են որոշել, ինչպէս են որոշել. ինչպէ՞ս կարելի է փակել նման կարեւոր կառոյցը»,- նշած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը:  

Նշենք, որ բողոքի ցոյցին ներկայ են նաեւ այլ գերատեսչութիւններու աշխատակիցներ: 

Մասնաւորապէս, Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցը կը նշէ,որ իրենց գերատեսչութեան գործառոյթները շատ կարեւոր են, եւ նախարարութեան լուծարումը տեմոկրաֆիական նոր խնդիրներու կը յանգեցնէ: 

Յիշեցնենք, որ Կառավարութեան կառուցուածքի վերաձեւաւորման արդիւնքով ՀՀ նախարարութիւններու թիւը 17-էն պիտի հասնի 12-ի։

Փոփոխութիւններու համաձայն՝ պիտի լուծարուի Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Փոխադրութեան, կապի ու տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու նախարարութիւնը պիտի դառնայ կապի ու բարձր թեխնոլոկիաներու նախարարութիւն։ Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները պիտի միաւորուին։ Աշխատանքի ու ըկերային հարցերու նախարարութիւնը պիտի միանայ տարածքային կառավարման ու զարգացման նախարարութեան։ Մշակոյթի, սփորթի ու երիտասարդութեան նախարարութիւնները պիտի միաւորուին կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան: