Տեղի ունեցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի ու ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը, այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը Վահան Յունանեանը:
Արարատ Միրզոյեանը թուիթըրեան գրառումով ըսած է. «Շատ արդիւնաւէտ հանդիպում: Ուրախ եմ վերադառնալ Ուաշինկթըն եւ վերահաստատել ԱՄՆ-ի հետ մեր ամուր գործընկերութիւնը: Վերջին 3 տասնամեակի ընթացքում Հայաստանը եւ ԱՄՆ-ը զարգացրել են արդիւնաւէտ համագործակցութիւն` խարսխուած ժողովրդավարութեան, Մարդու իրաւունքների յարգման եւ օրէնքի գերակայութեան ընդհանուր արժէքների վրայ»:
Երկու երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր: