image

Միրզոյեան պատասխանած է Միքայէլ Մինասեանի մեղադրանքներուն

Միրզոյեան պատասխանած է Միքայէլ Մինասեանի մեղադրանքներուն

 

ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան պատասխանած է Միքայէլ Մինասեանի մեղադրանքներուն: Ան գրած է. «Մ. Մինասեանի հերթական ցնդաբանութիւնը պէտք է արժանանայ պատշաճ քրէաիրաւական գնահատականի եւ Մինասեանը պէտք է պատասխան տայ նաեւ այս սուտ մատնութեան համար»:
 Յիշեցնենք, որ Վատիկանի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեան իր դիմատերի «լայւով» ծանր մեղադրանք հնչեցուցած էր Միրզոյեանի հասցէին, յայտարարելով, որ  ան  Թուրքիոյ ու նաեւ ՀՀ ԱԱԾ-ի գործակալ է։