image

ՄԻԵԴ-էն միջանկեալ միջոց

ՄԻԵԴ-էն միջանկեալ միջոց

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած 4 զինծառայողի վերաբերեալ միջանկեալ միջոց կիրառելու մասին որոշում կայացուցած է: «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ իրաւապաշպան Արտակ Զէյնալեան:

Ատրպէյճանի կողմէ 16 նոյեմբերին սանձազերծուած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով գերեվարուած եւ անհետ կորած համարուող անձերու հարցով իրաւապաշտպաններ՝ Արտակ Զէյնալեան եւ Սիրանուշ Սահակեան դիմում ուղարկած էին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Իրաւապաշտպանները առաջնային խնդիր կը համարեն անձերու ֆիզիքական անձեռնմխելիութիւնը եւ կեանքը պաշտպանութեան տակ վերցնելու հարցը: