Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի ծիրին մէջ, ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը անդրադարձած է Հարաւային Կովկասին:
«Կարծեմ գիտէք, որ հայ-ատրպէյճանական պատերազմէն յետոյ՝ այս գարնան, ԱՄՆ-ն փորձած է օգտակար ըլլալ երկուքին միջեւ խաղաղութեան եւ հաշտութեան խօսակցութեան աջակցելուն: Մենք մասնակցած ենք փոխանակման. մեր միջնորդութեամբ փոխանակուած են ականապատ տարածքներու որոշ քարտէզներ, որոնք հայերը յանձնած են վիճելի տարածքին մէջ գտնուող ատրպէյճանցիներուն` որոշ ձերբակալուածներու ազատ արձակման համար:
Այսպիսով, այժմ հարց կը ծագի, թէ արդեօք կրնա՞նք ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ, Մինսքի խմբակի այլ երկիրներու աջակցութեամբ, Թուրքիոյ աջակցութեամբ աւելի շատ նպաստել երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան թուլացման, կալանաւորներու մասով, ականներու մասով, յետոյ օգնենք կատարելու փոքր քայլեր, որոնք կրնան ճանապարհ հարթել դէպի խաղաղութեան եւ հաշտեցման աւելի լայն գործընթաց:
Այսպիսով, պետական քարտուղարը հասկցուցած է Թուրքիոյ, որ չափազանց ներգրաւուած է եւ հարեւան է, որ մենք պատրաստ ենք օգտակար ըլլալու, եթէ կարենանք: Բացի այդ, պետական քարտուղարը երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու հետ եւ նոյն առաջարկը պիտի ընէ այնտեղ», ըսած է ներկայացուցիչը: