Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան ձգձգման պարագային կրնայ նոր դաշինք ձեւաւորուիլ այն երկիրներէ, որոնց Միացեալ Նահանգները «յոգնեցուցած է»։ Այս մասին ան գրած է իր Telegram ալիքին։
««Ռամշթայն»-ի մէջ կայացած հանդիպումը եւ Քիեւին ծանր սպառազինութեան յատկացումը կասկած չի ձգեր առ այն, որ մեր թշնամիները երկար պիտի փորձեն մեզ մաշեցնել, աւելի ճիշդ՝ ոչնչացնել։ Եւ անոնք բաւականաչափ զէնք ունին։ Անհրաժեշտութեան պարագային կը սկսին նորերը արտադրել։ Հետեւաբար, պէտք չէ պատրանքներու մէջ իյնալ։
Ի՞նչ եզրակացութիւններ կը բխին ասկէ։ Նախ, շատ դժուար պիտի ըլլայ: Երկրորդ, հակամարտութեան ձգձգման պարագային ինչ-որ պահի պիտի ձեւաւորուի նոր ռազմական դաշինք այն երկիրներէ, որոնց յոգնեցուցած են ամերիկացիները.... Միշտ այդպէս եղած է մարդկութեան պատմութեան մէջ երկարատեւ պատերազմներու ժամանակ։ Եւ այդ ժամանակ Միացեալ Նահանգները վերջնականապէս «պիտի լքէ» ծերացած Եւրոպան եւ դժբախտ ուքրանացիներու մնացորդները, իսկ աշխարհը նորէն կու գայ հաւասարակշռութեան վիճակի։ Եթէ, ի հարկէ, շատ ուշ չըլլայ», - գրած է Մետվետեւ: