Մեծն Բրիտանիան Ֆրանսայի հետ կը քննարկէ Պաղեստինի ճանաչման հարցը: Կ՚ենթադրուի, որ այդ տեղի պիտի ունենայ արդէն 2025 թուականի ամռան սկիզբը: Ինչպէս գրած է բրիտանական The Guardian-ը՝ այս քայլը կրնայ համընկնիլ «երկու ժողովուրդ երկու պետութիւն» ծրագրի իրականացման նուիրուած միջազգային համաժողովի հետ, որ պիտի կազմակերպուի ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ՝ յունիս 2-4-ը:
Ելոյթ ունենալով Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանական յանձնաժողովի առջեւ՝ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տեյվիտ Լամմին առաջին անգամ հաստատած է, որ Լոնտոնն ու Փարիզը կը քննարկեն Պաղեստինի ճանաչման հարցը՝ կապուած Սէուտական Արաբիոյ կողմէ համատեղ հովանաւորուող առաջիկայ համաժողովի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, ան նախապէս ընդգծած էր, որ Պաղեստինի պետականութեան ճանաչման անհրաժեշտ պայմանը պիտի ըլլայ «Համաս» շարժման ներկայացուցիչներու լիակատար հեռացումը Կազայի հատուածի մէջ իշխանութենէն։
Ինչպէս նշած է թերթը, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի երկու մշտական անդամներու կողմէ Պաղեստինի ճանաչումը կրնայ նոր խթան հաղորդել պաղեստինա-իսրայէլեան կարգաւորման ոլորտի մէջ ջանքերուն, սակայն ատոր ճանապարհին կան բազմաթիւ դիւանագիտական խոչընդոտներ։ Հիմնականներէն մէկը պիտի ըլլայ Իսրայէլի դիմադրութիւնը, որու ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ Պաղեստինի ճանաչումը պիտի ամրապնդէ «Համաս»ի եւ Իրանի դիրքերը։ Աւելին, ինչպէս Լամմին ընդգծած է իր ելոյթին մէջ, Լոնտոնը չուզեր, որ Պաղեստինի ճանաչումը Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ ըլլայ զուտ խորհրդանշական քայլ։ Անոր խօսքով՝ նման քայլը պէտք է ձեռնարկուի այն ժամանակ, երբ այն կրնայ առաւելագոյն ազդեցութիւն ունենալ՝ դէպի լաւը փոխելով տարածաշրջանի իրավիճակը։
Նշենք, որ ապրիլ 9-ին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը յայտարարած է, որ Փարիզը կրնայ ճանչնալ Պաղեստինի պետականութիւնը յունիսին։ Աւելի վաղ, 2024 թուականին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակի վատթարացման զուգընթաց, Իրլանտայի, Սպանիոյ եւ Նորուեկիոյ իշխանութիւնները յայտարարած էին Պաղեստինը ճանչնալու մասին։ Իսրայէլը պատասխանած է ատոր՝ յայտարարելով Տուպլինէն, Մատրիտէն եւ Օսլոյէն իր դեսպանները խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչելու մասին։