Friends of Maria Jacobsen յանձնաժողովը կը կազմակերպէ մեծարանքի նուագահանդէս մը՝ պատուելու յիշատակը դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Եաքոպսընի, որ հազարաւոր որբեր ազատեց Հայոց Ցեղասպանութենէն։
Առաջին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին, Glendale Presbyterian Church-ի մէջ, իսկ երկրորդ ձեռնարկը՝ կիրակի 23 հոկտեմբերին, կէսօրէն ետք, Bethania Luteran Church-ի մէջ, ուր ընդունելութենէ մը ետք իւրայատուկ արարողութիւն մը պիտի ձօնուի Մարիա Եաքոպսընի յիշատակին եւ պիտի կատարուի անոր կիսանդրիին բացումը:
Երաժշտագէտ Վարդան Մելգոնեան «Թռչնոց Բոյն»ի որբերէն եղած է եւ ներկայիս հռչակաւոր ղեկավարն է Լոնտոնի Արքայական երաժշտական նուագախումբին։ Ան գովաբանութեան եւ յարգանքի տուրք պիտի մատուցանէ բոլորին կողմէ սիրուած «Մամա» Եաքոպսընին, ղեկավարելով տեղական արհեստավարժ նուագախումբ մը։ Նուագուելիք եղանակներէն մէկը իր յօրինած ստեղծագործութիւնն է՝ «Drake Passage» անունով, որ նուիրած է «Մամա» Եաքոպսընի յիշատակին։
Մարիա Եաքոպսըն եղած է դանիացի մարդասէր միսիոնարուհի մը Խարբերդի մէջ եւ հիմնադիրը «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ։ Մարիա իր ամբողջ կեանքը նուիրած է օսմանցի թուրքերէն հազարաւոր հայ որբեր ազատելու եւ օգնելու Լիբանանի հայ որբերուն։
Մարիան իր փափաքին համաձայն թաղուած է իր սիրելի «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ։