image

Մեծ լոյսերու ներքոյ. Անթիլիասի Արեւմտեան Թեմը նշեց իր Հիմնադրութեան 50-ամեակը (Լուսանկարներ)

Մեծ լոյսերու  ներքոյ.  Անթիլիասի  Արեւմտեան Թեմը նշեց իր Հիմնադրութեան 50-ամեակը (Լուսանկարներ)

 Օրերս   ի ներկայութիւն   հազարաւոր հայորդիներու բացուած  յայտարարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  ԱՄՆ Արեւմտեան  Թեմի   հիմնադրման    յիսնամեակի   յոբելինական   շրջանը։

Տեղի ունեցաւ  հոգեւոր համերգ, որուն հանդիսապետեցին ԱՄՆ-ի   Արեւմտեան եւ Արեւելեան Թեմերու Առաջնորդները, ինչպէս նաեւ Գանատայի Թեմի  Առաջնորդը։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ պատրաստուած  թղթակցութիւնը, որ  հրապարկուեցաւ  Թեմի  դիմատետրեան էջին  վրայ։ 

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, տօնական խանդավառութիւն կը տիրէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Արք. Դանիէլեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի՝ իբրեւ ինքնուրոյն Վիճակ գործունէութեան յինամեակը պանծացնող հանդիսութեանց շարքին առաջինը՝ Տօնական Օփերա-Կալան, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, մասնակցութեամբ արուեստագէտ երաժիշտներու եւ մեներգիչներու, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հանրաճանաչ թենոր Պերճ Քիրազեանի:

Բարձրորակ այս համերգին ներկայ էին Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը, Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերպծ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, գաղութին մէջ գործող քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային, բարեսիրական, ընկերային կառոյցներու, միութիւններու, մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. վարժարաններու, միաւորներու պատասխանատուներ, աշակերտներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ մշակութասէր հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը, համագումարը՝ մօտաւորապէս հազար հոգի:  

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, հանդէս եկաւ երեկոյթի բացման եւ ներկաներուն ուղղուած բարի գալստեան խօսքով: Այնուհետեւ սկիզբ առաւ աւելի քան երկու ժամուան տեւողութեամբ համերգը, որուն ընթացքին հնչեցին հայերէն եւ եւրոպական դասական ու օփերային ընտրուած երգեր, բարձր կատարողութեամբ մեներգիչներ Նաթալի Պիիւքեանսի (սոփրանօ), Արմինէ Վարդանեանի (սոփրանօ) եւ Պերճ Քիրազեանի (թենոր), որոնք իրենց լուսաւոր ներկայութեամբ եւ ձայներու շքեղութեամբ հադիսատեսներուն պարգեւեցին բարձրաթռիչ արուեստ՝ մթնոլորտը լեցնելով  տօներու աստղալից, գունագեղ երկինքով: 

Այս առիթով գանատահայոց Առաջնորդ Սրբազանը նախ շնորհաւորեց Արեւմտեան Թեմի ինքնուրոյն միաւոր ըլլալու յիսնամեակը՝ միաժամանակ  շեշտելով, որ մեր առաքելութիւնը՝ ե՛ւ եկեղեցական, ե՛ւ ազգային գետիններու վրայ ունի մէկ ուղղուածութիւն ու մէկ նպատակ, որ Հայաստան աշխարհն ու Հայ Արցախն է եւ յորդորեց ներկաները զօրակցելու Արցախին ու իր ժողովուրդին, յատկապէս Լաչինի անցքի վերաբացման գծով: 

Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, նախ շնորհաւորեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանը, Թեմի յիսնամեայ յոբելեանին առիթով, ապա վեր առաւ գաղութահայ կեանքին մէջ Թեմի հոգեւոր, ազգային ու մարդասիրական ծառայական առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ օրուան համերգը բնութագրեց «հոգեւոր խրախճանք»: