Անգործ չենք կրնար նստիլ, քանի որ շատ ընելիք ունինք. Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած առաքելութիւն, որուն պէտք է ձգտինք: Բացի մեր պարտաւորութիւններէն՝ կանգուն պահել անթիւ կրթական, հոգեւոր, մարդասիրական եւ երիտասարդական ուղղուածութիւն ունեցող հաստատութիւններ ամբողջ աշխարհի մէջ, մենք ունինք հարիւր հազար բռնի տեղահանուած ընտանիքներ, որոնց պէտք է հոգ տանինք: Չենք կրնար այդ ընել առանձին, չենք կրնար ամէն ինչ ընել, բայց պիտի ընենք մեր կարելիութիւններուն առաւելագոյնը:
Դժուար ժամանակներ կը դիմակալենք:
Շատ դժուար:
Արցախի ցնցող կորուստը անչափելի կոտտանք կը պատճառէ: Ցեղասպանութիւնէն ի վեր ամենէն խոցող ազգային ողբերգութիւնն է, որ կը դիմագրաւէ մեր ազգը: Արցախը եղած է հայերու կողմէ բնակեցուած հայրենիք, մի քանի հազարամեակներու ընթացքին։ Բազմաթիւ եկեղեցիներ, վանքեր եւ դպրոցներ դարեր շարունակ յատկանշած են երկիրը։ Աղօթքները կը լեցնեն անոնց երկինքը, իսկ պաշտամունքը կը գրկէ հողը: Անխօս ու սրտցաւ ենք, եւ կրնանք յորդառատ լալ։ Բայց մենք անարգական բարոյականութեամբ չենք տառապիր։ Չենք աղօթեր փողոցներու անկիւններուն գտնուող կեղծաւորներու պէս: Մենք կը գիտակցինք,որ եթէ երէկ դիմակալած ենք սպառնալիքներ, յարձակումներ, շրջափակում, սով, հրահրում, ատելութիւն եւ գրաւում, ապա այսօր որեւէ ներխուժման պարագային, մենք կը կանգնինք հայրենիքի գոյութեան սպառնալիքի դիմաց։ Մերձաւոր ու հեռու ընկերներու անզօր դատապարտումով , մենք կը մնանք մեր ճակատագրի միակ երաշխաւորը:
Մեր մխիթարութիւնը կը գտնենք, առ Աստուած մեր հաւատքին մէջ: Ան է որ կը վերահսկէ եւ կը վստահի, թէ ամէն ինչ իր ծրագիրներուն մէջ է: Մեր տկարութեան եւ պարտութեան պարագային, մեր ուժը կը գտնենք Անոր մէջ:
Անգործ չենք կրնար նստիլ, քանի որ շատ ընելիք ունինք. Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած առաքելութիւն, որուն պէտք է ձգտինք: Բացի մեր պարտաւորութիւններէն՝ կանգուն պահել անթիւ կրթական, հոգեւոր, մարդասիրական եւ երիտասարդական ուղղուածութիւն ունեցող հաստատութիւններ ամբողջ աշխարհի մէջ, մենք ունինք հարիւր հազար բռնի տեղահանուած ընտանիքներ, որոնց պէտք է հոգ տանինք: Չենք կրնար այդ ընել առանձին, չենք կրնար ամէն ինչ ընել, բայց պիտի ընենք մեր կարելիութիւններուն առաւելագոյնը:
Իմ հայեցակէտս դրական է: Մենք պատմութեան մէջ շատ ցաւ ապրած, նեղութիւն կրած, սակայն յարութիւն առած ենք: Մեր յարմարելու ձգտումը եւ հետեւողականութիւնը միշտ ալ գերակայած է ամէն դժուարութիւն։
Չնայած բոլոր չարիքներուն, ԱՀԱԸ-ն հաստատուն կերպով կը շարունակէ տարածել Խօսքը եւ արտացոլել Անոր սէրը, բարութիւնը եւ յոյսը մեր շրջապատին մէջ:
Մեր զէնքը մեր հաւատքն է, սէրը, ծառայութիւնը եւ գրիչը: Մենք լաւ ենք կառուցելու, կրթելու, լուսաւորելու եւ Խօսքը տարածելու մէջ:
Աստուած կը կանչէ ԱՀԱԸ-ին կրելու մեր ժողովուրդին լուծը եւ ստանձնելու ծառայութեան խոնարհ դերը:Այս է մեր յանձնառութիւնը, այս է մեր խոստումը, այս է մեր մշակոյթը, այս է մեր առաքելութիւնը, այս է մեր հաւատքը եւ այս է մեր աղօթքը:
‘ՍԻՐՏՍ ՍԱՓՈՐՆ Է ԴԱՏԱՐԿ'
‘ՈՒ ԵՍ Կ'ԵՐԹԱՄ ԴԷՊԻ ԱՂԲԻՒՐԸ ԼՈՅՍԻՆ’
Շնորհակալութիւն:
Զաւէն Խանճեան
ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն
(Խօսքը յապաւումներով՝ ԱՀԱԸ-ի 104-րդ տարեժողովի խրախճանքին, 21 Հոկտեմբեր 2023, Սան Ֆրանսիսքո, Քալիֆորնիա)