Հալէպի մէջ դպրոց մը պիտի կոչուի Սուրիոյ պատերազմին զոհուած հայ զինծառայող Գրիգոր Աշնաքլեանի անունով: Այս մասին կը տեղեկանանք նահատակի մօր գրառումէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
«Պատերազմը մեզմէ խլեց ամենաթանկ բանը, մեր որդին՝ Գրիգորը։ Ան նահատակուեցաւ եւ մեզմէ հեռացաւ, առանց իր ետին թողելու իր անունը յաւերժացնող ընտանիք կամ զաւակ:Կը կարծէինք, որ ոչ մէկ մխիթարութիւն կայ մեր կորուստին, հակառակ անոր, որ համոզուած էինք, որ յանուն հայրենիքի զոհուելով մեր որդին նահատակութեան պատուին արժանացած էր:
Սակայն մեծ օրհնութիւն մը զարդարեց մեր կեանքը այն օրը, երբ հանդիպում ունեցանք նախագահ Պաշշար Ասատի եւ առաջին տիկին Ասմաա Ասատի հետ, որոնք մեր որդիի զոհաբերութիւններուն հանդէպ իրենց սիրով եւ յարգանքով ընդունեցին մեզ... ու պատուեցին մեր որդին Հալէպի մէջ դպրոց մը իր անունով կոչելով.. այսպիսով մեր որդին եղաւ հայկական ծագումով սուրիացի առաջին նահատակը, որուն անունով դպրոց կոչուած է, եւ այդ մէկը զարմանալի չէ. բոլորին յայտնի է սուրիահայերու ազգային դիրքորոշումը եւ իրենց հողին կառչածութիւնը, բացի այդ՝ հայ նահատակներու այն հոյլը որոնք զոհուեցան պաշտպանելու համար սուրբ հողը:
Բառերը անկարող են յայտնել մեր շնորհակալութիւնը Պրն. Նախագահին եւ Առաջին տիկնոջ, անոնց հետ հանդիպումը իսկական մխիթարութիւն եղաւ մեզի։ Անոնք մեր որդիին անունը անմահացուցին յաւերժութեան ամենագեղեցիկ ձեւով:
Սրտանց շնորհակալ ենք»:
Յիշեցնենք, որ Գրիգոր Աշնագլեան զոհուած էր 16 Ապրիլ 2014-ին: