image

«Մեր թշնամիները պետք է իմանան, որ Հայաստանը անտէր չէ, որբ չէ». Արամ Ա.–ի հայրական պատգամը

«Մեր թշնամիները պետք է իմանան, որ Հայաստանը անտէր չէ, որբ չէ». Արամ Ա.–ի հայրական պատգամը

2022 թուականը հռչակած ենք որպէս Սփիւռքի տարի, կը հրաւիրենք մեր բոլոր կառոյցները, մամուլը, մտաւորականները, հայ համայնքները իրապաշտ մօտեցումով եւ համապարփակ հայեացքով: Այս մասին իր հայրապետական պատգամին մէջ նշած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Անդրադառնալով Հայաստանին, ան նշած է.

«Մեր հայրենիքը կը շարունակէ անորոշութեան եւ յուսահատութեան ալիքներու մէջ օրորուիլ: Մէկ կողմէ ներհայասատանեան քաղաքական լարուած մթնոլորտը կը ջլատէ մեր հաւաքական ուժը, միւս կողմէ թշնամին յաղթական դիրքերէ պայմաններ կը դնէ Հայաստանի առջեւ՝ անտեսելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքը:

Այո՛, մենք փոքր երկիր ենք, հարկ է իրատես մօտեցում ունենալ տարածաշրջանի ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին նկատմամբ: Սակայն այդ չի նշանակեր, որ Հայաստանը ըսելիք պէտք չէ ունենայ իր ազգային շահերուն առնչուած եւ իր ներկան ու ապագան ճշդող խնդիրներու գծով:

Այո՛, տարածաշրջանին մէջ համապարփակ ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման համաձայն ենք, բայց ոչ՝ պարտուողական ու զիջողական դիրքերէ: Այո՛, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական զարգացումներուն նպաստող ծրագրերուն համաձայն ենք, բայց ոչ ի հեճուկս Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան, անկախութեան, անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան:

Այսօր Թուրքիոյ եւ Ատրէյճանի կողմէ համադրուած փանթուրանական ռազմավարութիւն կը փորձեն ի գործ դնել Հայաստանի եւ ամբողջ շրջանի նկատմամբ:

Ժողովուրդ հայոց, ըլլանք զգօն ու հեռատես: Արդարեւ որեւէ համաձայնագրի ստորագրութիւն Ատրպէյճանի հետ, ուր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ներառուած է Արցախը, նոյնպէս որեւէ համաձայնագիր Թուրքիոյ հետ, որ կ'ընդունի Թուրքիոյ բացայայտ նախապայմանները: Փաստօրէն Հայաստանի կողմէ խախտում պէտք է ըլլայ անկախութեան հռչակագրին եւ Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներուն: Նման վտանգալից քայլերու նկատմամբ Սփիւռքը չի կրնար անտարբեր մնալ: Համահայկական խնդիրներու քննարկման մէջ Սփիւռքը իր գործուն մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ, ինչպէս յաճախ շեշտած ենք:

Մեր թշնամիները եւ բարեկամները պէտք է իմանան, որ Հայաստանը անտէր չէ, որբ չէ: Ողջ Սփիւռքը իր կողքին է, հայութիւնը մէկ անբաժան ու անբաժանելի ամբողջութիւն է: Այո՛, ինչ-ինչ պատճառներով ճակատամարտը պարտուեցանք, բայց ոչ՝ պետերազմը: Մեր համահայկական պայքարը կը շարունակուի: Համահայկական պայքարը պէտք է շարունակուի հայոց բանակը վերակազմակերպելով ու զայն արդիական զէնքերով օժտելով, մեր սահմանները պաշտպանելով, ի պահանջի ժողովրդային դիմադրութեան դիմելով, մարտունակ ոգով բանակցութիւններ վարելով եւ համախմբուելով հայրենիքի գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն շուրջ:

Հետեւաբար, եկէք վերանորոգենք մեր ազգային ուխտը եւ առաւել հաւատքով ու կամքով գօտեպնդուած ողջունենք իրար, ըսելով՝ շնորհաւոր Նոր տարի: Թող Աստուած օրհնէ մեր ազգին բոլոր զաւակները եւ ամէն չարիքէ հեռու պահէ մեր ազգն ու հայրենիքը: Այժմ եւ միշտ, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն»: