Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին X-ի իր էջին անդրադարձած է 44-օրեայ պատերազմի 4-րդ տարելիցին:
«Չորս տարի առաջ՝ 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին, սկսաւ 44-օրեայ պատերազմը։
Մեր միտքերը մարտի դաշտին մէջ ինկած զինուորներու, անոնց ընտանիքներու եւ ընկերներու հետ են»,-գրած է ան: