image

«Մայրերու Օր»ը նշուեցաւ Այնճարի մէջ

«Մայրերու Օր»ը նշուեցաւ Այնճարի մէջ

Պէյրութի ՝ «Ազդակ»էն կը կարդանք՝

Շաբաթ, 13 մայիս, 2023-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի մանկապարտէզի բաժանմունքին կազմակերպած Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը համախմբած էր բազմաթիւ մայրեր եւ հայրենակիցներ:

Ձեռնարկին ներկայ էին` Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Այնճարի «Կարմիր լեռ» եւ Զահլէի « Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչները, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանը, թաղապետ Յարութ Լագիսեանը, ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը, վարժարանի խնամակալութիւնն ու տնօրէնը, ինչպէս նաեւ` գիւղի պատկան մարմիներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ-մանկապարտիզպանուհի` Լենա Սթամպուլեան բարի գալուստի խօսքով լուսարձակի տակ առաւ տօնակատարութեամբ հայ մայրն ու անոր դերը արժեւորելու անհրաժեշտութիւնը :

Ան անփոխարինելի համարեց մօր դերակատարութիւնը յատկապէս հոգեմտաւոր արժէքներու փոխանցման եւ նոր սերունդի ինքնութեան ճարտարապետման մէջ:

Ապա ընթացք առին յայտագիրի մանկապարտէզի փոքրիկներուն ելոյթները:

Ծիլ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան «Մայրիկ սիրուն» եւ «Մայրիկ սիրական» արտասանութիւններով, որոնց յաջորդեց «Իմ մայրիկ» եւ «Մայ մամի» արտասանութիւնները` Բողբոջ դասարանին կողմէ,  «Իմ մայրիկ»` Կոկոն դասարանին կողմէ, իսկ «Իտիք եա մամա», «Մամ, այ լավ եու» եւ « Թանկագին մայրիկ» արտասանութիւնները Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններուն կողմէ:

Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանները  ներկայացուցին «Է մամ լայք եու», «Մայրիկին տօնը» եւ «Պայծառ արեգակը» երգերը, որոնց  վերջինին միացաւ նախակրթարանի Ա-Գ կարգերու երգչախումբը, որ շարունակեց «Մայ մամ» եւ «Գարնան երգը» կատարումներով` առանձնաբար:

Օրուան պատգամախօսն էր մանկավարժ եւ արուեստագէտ, ՀԲԸՄ-ի «Արին» եւ Այնճարի Համազգայինի «Կաքաւիկ» պարախումբերու նախկին պարուսոյց եւ Լիբանանի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Գայեանէ Մածունեան:

Ան մայրութիւնը բնութագրեց իբրեւ անհատականութեան աճման զգայուն ընտրանքի մը մտաւոր կեցուածքով` դատապարտելով մայրութեամբ անհատականութեանց սպառումի եւ չէզոքացման  պարտուողական բոլոր պատկերացումներն ու կարծրատիպերը:

Գայեանէ Մածունեան մայրութեան իր սահմանումը` ընդլայնելով բացատրեց. «Մայրութիւնը նաեւ քաջաբար ինքզինք հայելիին մէջ նայիլն է: Երբ մարդ կը սիրէ արարած մը, որուն գոյութիւնը բացարձակապէս իրմէ կախեալ է, ան չի կրնար չխոկալ ի՛ր ժառանգած դաստիարակութեան եւ արժէքներուն մասին, ան չի կրնար ի՛ր մանկութիւնը անջատել զաւակին մանկութենէն, ուրեմն մայրութիւնը անձնական կեանքը շարունակաբար արժեւորելու առիթ է, այսինքն` փոխակերպուելու առիթ:

«Մայրութիւնը աւելին է, քան` մարմինի մը ծննդաբերութիւնը:  Մայրութիւնը ամէն օր ընտրութիւն կատարելն է: Ամէն օր որոշում կայացնելը աշխարհի ապագային մասին, որ կը սկսի իր զաւակով ու իրմով: Մայր ըլլալ` կը նշանակէ ամէն օր կազմակերպել ընտանիքին, հասարակութեան, պետութեան, ազգին ու մարդկութեան կեանքերը` յանձնառու ըլլալով անոնց ապագային եւ գիտակցելով, թէ ոչ միայն սիրոյ չափը, այլեւ սիրոյ տեսակն է, որ կ’որոշէ զաւկին, այսինքն մարդկութեան մէկ անդամին զարգացման ուղին»:

Ան շեշտը դրաւ մայրութիւնը կենսագործելու ոչ քանակական, այլ որակական յաւելումի եւ արժէքներու բազմապատկութեան մղումով եւ պատախանատուութեամբ: Պատգամախօսը յորդորեց մայրերը լաւապէս հասկնալու մարդկային արժէքները ոտնակոխող կամ ձեւախեղող իրականութիւնները եւ պատասխանատուութեամբ վերաբերելու սեփական անհատականութեան ամրութեան, ծաղկումին եւ նոր անհատականութիւններու կոփումին:

Գայեանէ Մածունեան իր պատգամի աւարտին, փոխակերպելով Տոսթոյեւսքիի նշանաւոր այն խօսքը, թէ « Գեղեցկութիւնը աշխարհը պիտի փրկէ», իր խօսքը ուղղելով մայրերուն` ըսաւ. «Սէրը պիտի փրկէ աշխարհը. ո՞վ աւելի լաւ սիրել գիտէ, քան` մայրը: Մէկ խօսքով, դո՛ւք էք, որ աշխարհը պիտի փրկէք»:

Օրուան պատգամէն ետք բեմ բարձրացաւ երկրորդականի նուագախումը (դաշնակահար` Նազէ Այնթապեան, սրինգ` Ալեակ Գույումճեան, կիթառ` Լարա Շէրպէթճեան, մենակատար` Մաթիլտա Գէօհիւլեան, գեղարուեստական ղեկավար` Վրէժ Հաճեանը)` « Գիշեր- ցերեկ» երգի մեկնաբանութեամբ: Մայրերու նուիրուած փունջ մը երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ նախակրթարանի Դ-Զ կարգերու երգչախումը:

Երգչախմբային կատարումին յաջորդեց Կոկոն դասարանի «Ուրախ տրամադրութիւն» պարային ելոյթը: Այնուհետեւ ներկաները հմայուեցան «Տաւիղ» նազպարով եւ գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ Է-Ը կարգերու « Հոգւով սրտով» խանդավառ պարով:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ տօնին առթիւ յուշանուէրներ բաժնուեցան ներկաներուն: