image

«Մայրերու օր»ը Այնճարի Հայ Աւետ. Վարժարանէն ներս (Լուսանկար)

  «Մայրերու օր»ը Այնճարի Հայ Աւետ. Վարժարանէն ներս (Լուսանկար)

 

 

Այնճար հայկական աւանէն ներս օրերս նշուած է «Մայրերու օր»ը։ Միջոցառումը տեղի ունեցած է Այնճարի Հայ Աւետարանական Վարժարանի մանկապարտէզի պատասխանատուներու կազմակերպութեամբ։

 Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկացուցին Այնճարէն։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ խմբագրութեանս ուղարկուած թղթակցութիւնը։

 

Չորեքշաբթի՝ 10 Մայիս, 2023-ին Հայ. Աւետ. երկրդ. վարժարանի մանկապարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ մայրերու օրուայ նշում։

 Յայտագրի նախօրեակին իւրաքանչիւր մայր յիշատակի նկար մը ունեցաւ, մայրերուն համար պատրաստուած յատուկ անկիւնը։ Ապա ընթացք առաւ յայտագիրը, վարժարանիս վարիչ մանկապարտիզպան՝ Նաթալի Քէնտիրճեան ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց օրուան պատգամախօս, գիշերօթիկ բաժնի Տնօրէն՝ երեցկին Նանոր Ագպաշարեանը որ մօր նուիրուած տօնը եւ մօր ներաշխարհը դրուատելով խօսեցաւ մանուկներուն աճման շրջանի ընթացքին մօր դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները լուծելու ձեւերուն մասին, եւ թէ ինչով կարելի է լիացնել մեր սիրտերը։ Ան հարց տուաւ թէ արդեօ՞ք մերժելով իրականութիւնը, բարկութեա՞մբ, սակարկելո՞վ կամ ընկճուածութեա՞մբ։ Պատգամախօսը խորհուրդ տուաւ որ այս ժխտական անդրադարձներուն փոխարէն մենք կարող ենք ընդունիլ հարցը, մտիկ ընել եւ լուծումներու յանգիլ, ստոյգ աղբիւրներու դիմելով եւ մեր սրտերը սիրով, ուրախութեամբ եւ համբերութեամբ լեցքաւորելով, եւ անշուշտ այս ամէնը կարելի կ'ըլլան Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրելով։ Տիկ. Աքպաշարեան եզրակացուց ըսելով թէ մենք ինչով որ լեցնենք մեր սրտերը այդ պիտի ցոլայ մեր մանուկին ներաշխարհէն եւ օրինակ պիտի ըլլայ իրեն։

 Պատգամէն ետք մայրեր առիթը ունեցան հաղորդակցութեան, հիւրասիրութեան շուրջ։

 Ապա մանուկները խանդավառութիւն եւ ուրախութիւն ներշնչեցին իրենց պատրաստած փունջ մը հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն երգերով եւ արտասանութիւններով, յայտագրի աւարտին անոնք ձեռային աշխատանքներ նուիրեցին իրենց մայրերուն որոնք մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ եւ մայր ըլլալու անսահման ուրախութեամբ համակուած։