image
Հրատապ լուրեր:

Այնճարի մէջ. Ազատ Քիւսպէկեանի կորուստը

  Այնճարի մէջ. Ազատ Քիւսպէկեանի կորուստը

Օրերս Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է գիւղի երէց ներկայացուցիչներէն, սիրուած հայր եւ մեծ հայր՝ Տիար Ազատ Քիւսպէկեանը։

 Հանգուցեալը հայրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նուիրեալ միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ  ծ.վրդ. Քիւսպէկեանի, որուն ալ կը յղենք մեր սրտազգաց ցաւակցութիւնները։

 Ստորեւ  կը ներկայացնենք հանգուցեալի մահուան առթիւ տարածուած կարճ մահագրութիւնը։

 

Տիկ. Շուշան Քիւսպէկեան եւ Դուստրը՝ Տիգրանուհի,

Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան,

Տէր եւ Տիկ. Նարեկ եւ Դալար Քիւսպէկեան եւ զաւակունք,

Տիկ. Սանդուխտ Քիւսպէկեան-Ղուկասեան,

Քիւսպէկեան, Ղուկասեան, Եափունճեան, Յովսէփեան ընտանիքներ

Կը գուժեն մահը իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝

 

ԱԶԱՏ ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆԻ,(Ծնեալ 1947)

 

որ պատահեցաւ՝ Ուրբաթ, 28 Մարտ 2025-ին, Պէյրութի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։

Թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ՝ Երկուշաբթի, 31 Մարտին, յետ միջօրէի ժամը 2։00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ,

որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ազգ.գերեզմանատունը: Ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին յետ թաղման արարողութեան,

«Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս, ժամը 12:00–1:30 եւ 3:00–6:00-ի միջեւ։ Իսկ յաջորդ օրերը հանգուցեալին բնակարանը:

Փոխան ծաղկեպսակի կարելի է նուիրատուութիւններ կատարել Հայց. Առաքելական 

«Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ։

 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ Եղիցի։