Զոհուած զինուորներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուած են Մարտակերտի շրջանին մէջ` Մատաղիսի ուղղութեամբ։ Յայտնաբերուած է եւս 1 հայ զինուորի աճիւն: Անոր ինքնութիւնը կը հաստատուի դատաբաժշկական փորձաքննութենէ ետք:
Յիշեցնենք, որ զինադադարէն յետոյ` Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ իրականացուած որոնումներու արդիւնքով` փրկարարական ջոկատները մինչ օրս յայտնաբերած եւ տարհանած են ընդհանուր 1668 աճիւն։