Լիբանանեան «Նաշէթ Ամնի» («Անվտանգութեան աքթիւիսթ») եւ «Ուայնիյէ Ալ տաուլէ» («Ո՞ւր է պետութիւնը») ֆէյսպուքեան էջերը վերջերս տեսանիւթ տարածած են, ուր կ'անդրադառնան հանրակնոջ մը մասին, որ AIDS հիւանդութիւն կը տարածէ լիբանանցի երիտասարդներու մօտ:
Տարածուած տեսանիւթին համաձայն, աղջիկը տարի մը առաջ հեռատեսիլային ծրագրի մը հիւրը եղած էր, ուր բողոքած էր, որ իր ամուսինը իրեն AIDS-ով վարակած է, եւ խոստովանած, որ ինք որպէս ապրուստ ապահովելու միջոց սկսած է մարմնավաճառութեամբ զբաղուիլ: Նիւթին մէջ ընդգծուած է, որ կինը իր հանրային խոստովանութենէն ետք ալ, շուրջ մէկ տարի կը շարունակէ մարմնավաճառութեամբ զբաղուիլ, յատկապէս Պէյրութի առեւտրային կեդրոնի եւ «Zaytuna Bay»ի միջեւ՝ 100 հազար լիբանանեան թղթոսկի իբրեւ «վարձատրութիւն» ստանալու դիմաց:
Տեսանիւթը ցոյց կու տայ, որ տղոցմէ մէկը բողոքած է. «Ո՞ւր է պետութիւնը» էջին, նշելով, որ այս աղջիկը կը շարունակէ երիտասարդներ «որսալ» եւ Ժունիէ շրջանի հիւրանոցներէն մէկը տանիլ: Տղան կը պատմէ, որ ինք երբ բացայայտած էր անոր ինքնութիւնը, զանգած եւ զգուշացուցած էր դատարան դիմել, սակայն սիտայով հիւանդ կինը սպառնացած էր երիտասարդին, որ եթէ նման քայլի դիմէ, ինք ալ դատարանին առջեւ կը զրպարտէ, որ երիտասադն ալ իր գործընկերն է:
Տեսանիւթը աւարտին կը նշէ, որ կինը կը շարունակէ ազատ շրջիլ եւ սիտայի հիւանդութիւնը տարածել երիտասարդութեան մօտ: