image

Մաքրոն ընդունած է CCAF-ի ղեկավարները

Մաքրոն ընդունած է CCAF-ի  ղեկավարները

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, 23 յունուարին, Էլիզեան պալատէն ներս ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանը եւ Մուրատ Փափազեանը: Այս մասին յայտնած են Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի մամուլի ծառայութենէն։

Մաքրոնն ու հայ համայնքի ներկայացուցիչները քննարկած են 2022-ի դեկտեմբեր 12-էն Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերող սպառնալիքներուն։

Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը ողջունած են Ֆրանսայի նախագահի կողմէ իրենց ցուցաբերած ուշադրութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ Ֆրանսան աւելի կ'աշխուժացնէ դերակատարումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պաշտպանութեան գործին, որ այժմ էթնիկ զտման վտանգի տակ է։