image

Մանթաշեանցի եւ Կոմիտասի ծանօթութիւնը Թիֆլիզի մէջ

Մանթաշեանցի եւ Կոմիտասի  ծանօթութիւնը Թիֆլիզի մէջ

Պատմութենէն ծանօթ է, որ հայ մեծագոյն բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանց (Մանթաշով) իր բարերարութիւնները չէ խնայած նաեւ հայ մշակոյթի, արուեստի, կրթութեան գործիչներու համար: Գիտնալով որ Կոմիտասը սեփական դաշնամուր չունի, ան կարգադրած է, որ Գերմանիայէն անոր համար բերուի երաժշտական գործիք մը։ Այդ «Շրոտըր» ռոյալը այսօր պատուաւոր կերպով կը ցուցադրուի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ: Մանթաշեանցի միջոցներով Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանած են աւելի քան երկու հարիւր հայ պատանիներ ու պատանուհիներ, որոնցմէ շատեր դարձած են գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան նշանաւոր անուններ:

Կոմիտասն ալ Մանթաշեանցի միջոցներով ուսանած է Գերմանիա եւ միշտ երախտապարտ եղած է բարերարին:

Կոմիտաս եւ Մանթաշեանց ծանօթացած են 1896 թուականին:

Կոմիտասի՝ 1896 թուականի տարեգրութեան մէջ կը տեսնենք բազմաթիւ դրուագներ, որոնք կ՚առընչուին Մանթաշեանցի եւ Կոմիտասի յարաբերութեան: Այդ տարեգրութեան մանրամասնութիւնները մատենագէտներ կազմած են՝ տեղեկութիւններ առնելով Թորոս Ազատեանի՝ Կոմիտասի մասին գիրքէն, Կոմիտասի նամակներէն, մտաւորականներու յուշագրութիւններէն եւ այդ ժամանակուայ մամուլէն:

 

1896 ԹՈՒԱԿԱՆ

Մարտ 24, Թիֆլիզ- Կոմիտաս Վարդապետի մասնակցութեամբ վանքի եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ հանդիսաւոր պատարագ։ Արարողութեան հիացողներու մէջ ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ մեծահարուստ բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանց։ «Կոմիտասին ձայնը, երգեցողութիւնը այն աստիճան դիւթական կ՚երեին Մանթաշեանցին, որ դիւթուած անոր երգեցողութեամբ, կը հետաքրքրուի գիտնալ, թէ ո՛վ է այդ երիտասարդ վարդապետը։ Մանթաշեանց վարդապետը կը հրաւիրէ, որպէսզի իր տունը երգէ եւ իր համակրութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնելէ վերջ կը յայտարարէ, թէ Կոմիտաս իր սանն է, թէ ինքը պատրաստ է անոր բարձրագոյն երաժշտական կրթութեան ծախքը սիրով հոգալ», կը գրէ Յուսիկ Եպիսկոպոս Զօհրապեան:

Ապրիլ, առաջին կէս, Էջմիածին- Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան տեղեկանալով, որ մեծահարուստ Ալեքսանդր Մանթաշեանց ցանկութիւն յայտնած է հոգալու Կոմիտասի՝ Գերմանիոյ մէջ ուսումնառութեան ծախսերը, Կոմիտասը հեռագիրով մը Թիֆլիզէն կը կանչէ Էջմիածին։

Ապրիլ 19, Թիֆլիզ- Ստանալով Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանի հեռագիրը՝ Կոմիտաս Վարդապետ կը մեկնի Էջմիածին:

Ապրիլ 21-22, Վաղարշապատ- Թիֆլիզէն Էջմիածին եկած Կոմիտաս կը ներկայանայ Խրիմեան Հայրիկին։ «Երբ Էջմիածին վերադարձայ եւ խնդրագիրս մատուցի Հայրիկին, գոհ եղաւ եւ հրամայեց, որ երթամ Մանթաշեանցի ստորագրութիւնը բերեմ», կը յայտնէ Կոմիտաս:

Ապրիլ 25, Էջմիածին- Կոմիտասի միջոցով ստանալով հաւաստիացում, որ Ալեքսանդր Մանթաշեանց խոստացած է հոգալ Գերմանիոյ մէջ իր կրթութեան հետ կապուած ծախքերը, Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան թիւ 634 կոնդակով օրհնութեան գիր կը շնորհէ Ալեքսանդր Մանթաշեանցին։

Ապրիլ 25, Վաղարշապատ- Կոմիտաս կը դիմէ Ճեմարանի վարչութեան եւ կը խնդրէ, որ զինք ապահովեն Ճեմարանը աւարտած ըլլալու վերաբերեալ համապատասխան փաստաթուղթով։ «1892-1893 ուսումնական տարեշրջանին աւարտեցի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, բայց ցարդ մրցանակագիրս (տիպլոմ) չեմ ստացած, խոնարհաբար կը խնդրեմ տնօրինել»։

Ապրիլ 25-26, Էջմիածին- Ընդառաջելով Կոմիտասի՝ ապրիլի 25-ի խնդրագրին, Ճեմարանի վարչութիւնը կը լեցնէ եւ անոր կը յանձնէ 1892-1893 ուսումնական տարին Ճեմարանի լսարանական բաժինը աւարտած ըլլալու վերաբերեալ վկայական՝ գրուած հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն։

Ապրիլ 25-26, Էջմիածին- Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան Կոմիտասին կը յանձնարարէ մեկնիլ Թիֆլիզ, Ալեքսանդր Մանթաշեանցին յանձնել Օրհնութեան կոնդակը եւ բերել անոր գրաւոր համաձայնութիւնը՝ ուսման ծախքը հոգալու վերաբերեալ։

Ապրիլ 26-27, Թիֆլիզ- Կոմիտաս Վարդապետ կ՚այցելէ Ալեքսանդր Մանթաշեանցին, կը յանձնէ Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանի կոնդակով շնորհուած «Օրհնութեան գիրը»։

Կոմիտաս միաժամանակ կը յայտնէ Մանթաշեանցին, որ կաթողիկոսը կը փափաքի ունենալ անոր գրաւոր համաձայնութիւնը՝ իր ուսումնառութեան ծախքը վճարելու վերաբերեալ։

Ստանալով «Օրհնութեան գիրը» եւ լսելով կաթողիկոսի յանձնարարականին մասին, Մանթաշեանց պահ մը խորհելէ յետոյ կը դիմէ Կոմիտասին. «Վարդապետ, այդ ամէնը՝ լաւ, բայց կը վախնամ, որ երբ Պերլին երթաս՝ գերման գեղուհիները սքեմդ խլեն վրայէդ»:

Կոմիտաս այդ զրոյցի մասին կը գրէ. «Այդ կասկածը ծանր եկաւ ինծի։ Խնդրելով, որ չվշտանայ խօսքերէս՝ պատասխանեցի. «Իր ուխտին ու կոչումին անհաստատ կրօնաւորի մը սքեմը խլելու համար հարկ չկայ անպայման գերման գեղուհիներու. անոնցմէ ամէն տեղ կը գտնուին։ Համոզուեցէք, որ միակ իտէալս է կատարելագործել երաժշտական ուսումս եւ հաւատարմօրէն ծառայել ազգիս եւ եկեղեցիիս»։

Այս խօսակցութենէն յետոյ Մանթաշեանց կու տայ իր համաձայնութիւնը. «Գնա վարդապետ,- կ՚ըսէ ան,- այսօրուընէ իմս ես, առ այս ստորագրութիւնս, տար Հայրիկին եւ ես կը սպասեմ համերգներուդ»։

Նոյն օրը, Թիֆլիզ- Կոմիտասին հետ վարած զրոյցի ընթացքին Մանթաշեանց անոր կը յայտնէ, որ Եւրոպայի մէջ երեք տարի սորվելու համար պիտի յատկացնէ իւրաքանչիւր տարուան համար 400 մանեթ (Կովկասի մէջ ընդունուած դրամ):

Կոմիտաս կ՚առարկէ. «...Միայն աներեսութեամբ կրցայ 600-ի վճիռը ստանալ», կը գրէ Կոմիտաս:

Ապրիլ 27-28, Թիֆլիզ- Գալով Էջմիածին՝ Կոմիտաս Վարդապետ նոր գրութիւն մը կ՚ուղղէ կաթողիկոսի անունով, «Մանթաշովի հաւանութեան գիր»ին հետ կը յանձնէ Մայր Աթոռի դիւանապետին։

Ապրիլ 29-30, Վաղարշապատ- Մկրտիչ Խրիմեան Վեհարանին մէջ կ՚ընդունի Կոմիտասն ու դիւանապետը։ Վերջինս կաթողիկոսին կը ներկայացնէ Կոմիտասի աղերսագիրն ու Մանթաշեանցի տուած ստորագրութիւնը։

Ապրիլ, Վաղարշապատ- «Արարատ» ամսագրի հերթական թիւին մէջ «Ճեմարան» ենթավերնագրին տակ կը հրապարակուի հաղորդագրութիւն՝ Կոմիտաս Վարդապետի Ալեքսանդր Մանթաշեանցի ծախքով Գերմանիա երթալու եւ այնտեղ երաժշտական կրթութիւն ստանալու վերաբերեալ։

Մայիս 8, Թիֆլիզ- «Նոր դար» լրագրի հերթական թիւին մէջ կը հրապարակուի հաղորդագրութիւն, որ Յուսիկ եւ Կոմիտաս վարդապետները կրթութիւն ստանալու նպատակով պիտի մեկնին արտասահման։ «...Միայն Կոմիտաս Վարդապետի ուսման ծախքն է, որ խոստացած է հոգալ թիֆլիզեցի պր. Ալեքսանդր Մանթաշեանց»։

Յունիս 2-3, Պերլին- Երաժշտութեան մեջ կատարելագործուելու համար Գերմանիա մեկնող Կոմիտաս կը հասնի Պերլին։

Յունիս 4, Պերլին- Մէկ-երկու օր առաջ Պերլին հասած Կոմիտաս Վարդապետ նամակ կը ղրկէ Նոր Նախիջեւան՝ Մինաս Պէրպէրեանին։ Տեղեակ կը պահէ, որ իջեւանած է Գարեգին Սարկաւագ Յովսէփեանի մօտ եւ կը զբաղի գերմաներէնով ու դաշնակով։

Յունիս 15, Պերլին- Կոմիտաս Գարեգին Սարկաւագի քովէն կը տեղափոխուի Արշակ Սարկաւագի քով:

Նոյն օրը, Պոլիս- «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ կը տպագրուի հաղորդագրութիւն.

«Տ. Կոմիտաս Վարդապետ Սողոմոնեան՝ կուտինացի, Գերմանիա գացած է եկեղեցական երաժշտութեան համար»։

Յունիս 18, Պերլին- Արշակ, Գարեգին սարկաւագները եւ Յուսիկ, Կոմիտաս վարդապետները միացեալ նամակ կը գրեն Փարիզի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնին մէջ ուսանող Մանուկ Աբեղեանին։ «Յարգելի եղբայր Մանուկ, բաւականին ժամանակ է, որ քու մասին տեղեկութիւն չունիմ։ Այսօր մտաբերելով քեզ՝ կը գրեմ այս տոմսը եւ լիակատար առողջութիւն կը ցանկամ։ Կոմիտաս հայր սուրբը արդէն երեք օր է, որ այստեղ է։ Երեւի շուտով Լայփցիկ երթայ։ Այսօր պիտի երթանք թատրոն։ Թատրոնէն յետոյ ճաշարանին մէջ կը խմենք քու կենացդ»:

Յունիս 20-21, Պերլին- Կոմիտաս կը ներկայանայ Արքունի երաժշտանոցի տեսուչ, հռչակաւոր ջութակահար, երաժշտագէտ Եոզէֆ Եոախիմին։ Վերջինս ծանօթանալով Կոմիտասին՝ յանձն կ՚առնէ «առանց արգելքի» զայն ընդունիլ Արքունի երաժշտանոց, իբրեւ իսկական ուսանող։ Անոր խորհուրդով Կոմիտաս պէտք է ուսանէր նաեւ երաժշտանոցին կից Եկեղեցական երաժշտութեան ճեմարանին մէջ՝ հոկտեմբերէն սկսեալ։

Նոյն շրջանին, Պերլին- Եոզէֆ Եոախիմ Կոմիտասը կը ներկայացնէ Եկեղեցական երաժշտութեան ճեմարանի տեսուչ Ռատէկին։ Վերջինս կը խոստանայ բացառութեան կարգով Կոմիտասը ընդունիլ ճեմարան՝ միայն թէ իբրեւ ազատ ունկնդիր, որովհետեւ այդտեղ կ՚ընդունուին միայն գերմանացիները։

Յունիս, երկրորդ կէս, Պերլին- Ընկերները Կոմիտասի համար կը վարձեն քաղաքի կեդրոնէն բաւական հեռու գտնուող Կոխ փողոցին մէջ աժանագին տուն մը (թիւ 73), որու հինգերորդ յարկը պիտի ապրէր ան: «Սենեակը, -կը պատմէ ականատեսը,- բաւական ընդարձակ էր, բաւական լաւ կահաւորուած ու զարդարուած եւ Կոմիտասին շատ հաճելի եկած էր։ Ան այստեղ բոլորովին առանձնացած էր, որքան երգեր ու նուագեր, ոչ ոքի կը խանգարէր, ուրիշներն ալ զինք չէին խանգարեր»։

Երեք տարի Կոմիտաս կը մնայ այս սենեակին մէջ։

Յունիս, երկրորդ կէս, Պերլին- Ամառնային արձակուրդէն օգուտ քաղելով՝ Կոմիտաս մէկ կողմէ կը վարժուի գերմաներէնի ուսումնառութեան մէջ, միւս կողմէ «թերութիւնները լրացնելու» նպատակով կը դիմէ մասնաւոր երաժշտանոցի ուսուցչապետ Ռիխըրտ Շմիտթին։ Վերջինս Կոմիտասի գիտելիքներուն հետ ծանօթանալէ յետոյ յանձն կ՚առնէ օգնելու նպատակով դասեր տալ:

Յուլիս 3, Էջմիածին- Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան թիւ 927 կոնդակով «Պաքուի հայոց մարդասիրական ընկերութեան խորհուրդ»ին կը յանձնարարէ Յովակիմ Ադամեանցի եւ Գրիգոր Թումանեանցի կտակած գումարներու տոկոսէն որոշ բաժին մը յատկացնել Մայր Աթոռի Հոգեւոր ճեմարանի ընթերցաւարտ սաներուն, որոնք բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանան արտասահմանի մէջ:

Յուլիս 4, Էջմիածին- Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան թիւ 439 կոնդակով ճեմարանի վարչութեան կը հրահանգէ, թէ ո՛ր հասոյթէն, ի՛նչ չափով պէտք է հոգալ արտասահմանի մէջ ուսանող հոգեւոր սաներու ծախքերը։ Սոյն կոնդակէն նաեւ կը պարզուի, որ «...Կոմիտաս արդէն հասած է իր նպատակավայրը»։

Յուլիս վերջ, Պերլին- Ռիխըրտ Շմիտթի մօտ մասնաւոր դասեր առնելու ընթացքին Կոմիտասի համար ակնյայտ կը դառնայ, որ Արքունի երաժշտանոցի դասընթացքի տեւողութիւնը (վեց տարի) չի համընկնիր իր ունեցած ժամանակին հետ։ Ուստի, Ռիխըրտ Շմիտթի խորհուրդով կը հրաժարի Արքունի երաժշտանոցին մէջ ուսանելու միտքէն։ Մեկնելով Կոմիտասի վիճակէն՝ Շմիտթ անոր մասնաւոր դասեր առնելու խորհուրդ կու տայ եւ ինք յանձնառու կ՚ըլլայ պարապելու անոր հետ։

«Մասնաւոր դասերուն օգուտը շատ է, ընթացքը արագ է, որպէս եւ իմ ժամանակը՝ կարճ։ Ինչո՞ւ ես վեց տարի առաջ այստեղ չեղայ», կը գրէ Կոմիտաս՝ Կ. Կոստանեանին:

Նոյն շրջանին, Պերլին- Հրաժարելով Արքունի երաժշտանոցին մէջ ուսանելու միտքէն՝ Կոմիտաս կ՚որոշէ իր ուսումնառութիւնը շարունակել Ռիխըրտ Շմիտթի մասնաւոր երաժշտանոցին մէջ:

Օգոստոս, Վաղարշապատ- Մայր Աթոռի տպարանին մէջ լոյս կը տեսնէ «Արարատ» ամսագրի հերթական համարը։ «Պաշտօնականք» խորագրի ներքոյ կը հրապարակուին քաղուածքներ կաթողիկոսական կոնդակներէն։ Թիւ 934 կոնդակով Մկրտիչ Խրիմեան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի վարչութեան կը յանձնարարէ Սինոդէն ստանալ «Պաքուի Մարդասիրական ընկերութեան» կտակած գումարներուն տոկոսները՝ Պերլինի մէջ «Եկեղեցական երաժշտութիւն» ուսանող Կոմիտասին եւ միւսներուն կրթաթոշակը վճարելու համար։ Միաժամանակ կը պարտաւորեցնէ ճեմարանի վարչութիւնը՝ հրահանգներ տալ եւ հետեւիլ անոնց ուսման ընթացքին։

Աշուն, Սեպտեմբեր-հոկտեմբեր, Պերլին- Փարիզէն Պերլին եկած Մանուկ Աբեղեան կ՚այցելէ Կոմիտասին։ Մինչեւ 1898 թուականի սեպտեմբերը մնալով Պերլին՝ գրեթէ ամէն կիրակի ճաշէն յետոյ անոնք կը հանդիպին իրարու: «Ան,- կը գրէ Մանուկ Աբեղեան,- իր հետ բերած էր իր ձայնագրած ժողովրդական երգերը ու կը նուագէր ամէն անգամ, երբ իր մօտ կ՚երթայինք»։

Հոկտեմբեր 15, Պերլին- Հրաժարելով Եոզէֆ Եոախիմի՝ համալսարանին մէջ ուսանելու միտքէն՝ Կոմիտաս Ռիխըրտ Շմիտթի հրաւէրով ձմեռնային կիսամեակի սկիզբէն (հոկտեմբերի 15) կը սկսի իր երաժշտական ուսումնառութիւնը պաշտօնապէս շարունակել անոր գլխաւորած մասնաւոր երաժշտանոցին մէջ։

Հոկտեմբեր 22, Պերլին- Երաժշտական կրթութիւն ստանալու նպատակով Գերմանիա եկած Կոմիտաս, Ռիխըրտ Շմիտթի մասնաւոր երաժշտանոցին զուգընթաց կ՚ընդունուի նաեւ Պերլինի Ֆրետերիխ Վիլհելմ Արքունի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժին եւ որպէս իսկական ուսանող կը մասնակցի ութժամեայ դասընթացքներուն:

Յուլիս-հոկտեմբեր, Պերլին- Այս ժամանակահատուածին Կոմիտաս կը գտնուէր նիւթապէս ծանր կացութեան մէջ եւ Կ. Կոստանեանին գրած նամակներուն մէջ յաճախ կը գանգատի այդ առիթով։

Ասոր մասին մանրամասնիւթիւններ կան նաեւ դաշնակահարուհի, երաժշտագէտ Մարգարիտ Պապայեանի յուշերուն մէջ։ «Իր փրոֆեսէօրը կը նկատէ, որ երիտասարդը քանի կ՚երթայ՝ աւելի ու աւելի կը նիհարնայ ու կը հալի։ Վերջապէս օր մը դասէն յետոյ՝ իր գործերը ձգած՝ կը հետեւի մեր վարդապետին եւ կը մտնէ նոյնիսկ պանդոկը եւ հեռուէն կը տեսնէ անոր համեստ կերածը, այնուհետեւ կը շարունակէ հետեւիլ մինչեւ Կոմիտասին բնակարանը եւ կ՚երթայ ծանօթանալու տանտիկնոջ հետ... Դասատուն ամբողջ կէսօրը կը մնայ ընդունարանը եւ կ՚ունկնդրէ ինչպէս վարդապետը երգեհոն կը նուագէ, մերթ դաշնամուր, մերթ կ՚երգէ եւ սարսափով կը հասկնայ, որ տղան ուտելու առիթ չի գտներ», կը գրէ Պապայեան:

Շարունակութիւնը Մարգարիտ Պապայեանին պատմած է Կոմիտասը. «Ժամը 10-ին իրիկունը դուռս կը բախեն, զարմացած փրոֆեսէօրս կը տեսնեմ դուռին ետեւը։ «Դուք, սիրելի փրոֆեսէօր, այստե՞ղ»։

Շմիտթ ներս կը մտնէ եւ կը սկսի սաստիկ բարկանալ «Դուն, անպիտան, ինծի կը վճարե՞ս, երբ ուտելու հաց չունիս։ Կ՚արգիլեմ քեզի փֆենիկ մը ինծի վճարելու այսուհետեւ»։ (Փֆենիկ գերմանական մետաղադրամ)։

Հոկտեմբեր-նոյեմբեր, Պերլին- Կոմիտաս «շաբթական երկու անգամ փոխն ի փոխ» կը ճաշէր իր ուսուցիչ Ռիխըրտ Շմիտթի տանը, ազատ մուտք ունէր անոր ընտանիք եւ յաճախակի ձրի տոմսակներ կը ստանար օփերա, ֆիլհարմոնիա եւ սիմֆոնիք համերգներ յաճախելու համար։ Շնորհիւ Ռիխըրտ Շմիտթի՝ ան կը ներգրաւուի երաժշտական-գեղարուեստագէտներու ընդարձակ շրջանի մը մէջ։

Նոյեմբեր-դեկտեմբեր, Պերլին- Կոմիտաս նամակ կը գրէ Էջմիածին, Կարապետ Վարդապետ Տէր-Մկրտչեանին եւ կը խնդրէ անոր աշակերտներէն մէկուն միջոցով Մատենադարանին մէջ արտագրել տալ Սամուէլ Անեցիի ձեռագիրներէն «Նօթագիր գիտելիքներ ձայներու եւ երգերու մասին»։ Կը յայտնէ նաեւ ձեռագրին համարը՝ 1700։

Այս նամակին մասին յիշատակութիւնը կայ, բայց կոմիտասագէտներ Կոմիտասի այդ նամակի ու՞ր եւ ի՞նչ ըլլալը տակաւին չեն գիտեր:

Դեկտեմբեր 31, Պերլին- Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի վարչութեան ուղղուած գրութեամբ մը Պերլին ուսանող Կոմիտաս Վարդապետ իւրատեսակ զեկոյց հաշուետուութիւն մը կը ներկայացնէ Պերլինի կրթական հաստատութիւններուն մէջ իր ձեռք բերած գիտելիքներու վերաբերեալ։

Կոմիտաս Կարապետ Կոստանեանը կ՚իրազեկէ, թէ յունիսի 15-էն մինչեւ դեկտեմբերի վերջը եղած ժամանակամիջոցին ի՛նչ առարկաներու մէջ հմտացած է Ռիխըրտ Շմիտթի ուսուցմամբ եւ ի՛նչ նիւթով դասախօսութիւններ լսած է Օսքար Ֆլայշերէն՝ Ֆրիտրիխ Վիլհելմ Արքունի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնին մէջ։

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...