image

«Մանկական Եւրոտեսիլ 2022» երգի միջազգային մրցոյթը Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 11-ին

«Մանկական Եւրոտեսիլ 2022» երգի միջազգային մրցոյթը Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 11-ին

Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը եւ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը կը տեղեկացնեն, որ Մալենայի փայլուն յաղթանակէն յետոյ «Մանկական Եւրոտեսիլ» երգի 20-րդ մրցոյթը Դեկտեմբեր 11-ին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Կարեն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:

«Մեզ համար մեծ պատիւ է «Մանկական Եւրոտեսիլ» երգի 20-րդ մրցոյթը հիւրընկալել աշխարհի ամենահին մայրաքաղաքներից մէկում` Երեւանում: Հանրային հեռուստաընկերութիւնը եւ Եւրոպական հեռարձակողների միութիւնն անելու են առաւելագոյնը, որ յոբելեանական` 20-րդ «Մանկական Եւրոտեսիլ»ն իր հասկացողութեամբ եւ շոուով յիշարժան լինի թր՛ մրցոյթի մասնակիցների, թր՛ բազմամիլիոնանոց հեռուստալսարանի համար: Մենք ջանք չենք խնայելու, որ տարեվերջին երաժշտական հրաշքն իրականութիւն դարձնենք Երեւանում», նշած է Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Մովսիսեանը:

«Մանկական Եւրոտեսիլ»-ը Երեւանը պիտի հիւրընկալէ արդէն երկրորդ անգամ, նախորդը 2011 թուականին Վլատիմիր Արզումանեանի «ծմամա» երգի յաղթանակէն յետոյ էր: Հայաստանը «Մանկական Եւրոտեսիլ» մրցոյթի պատմութեան ամենայաջողակ երկրներէն մէկն է` 14 անգամ մասնակցած է եւ միշտ լաւագոյն տասնեակին մէջ տեղ գրաւած է:

«Հայաստանին յաղթանակ բերած տարբերուող ու ժամանակակից «Քամի-Քամի» երգը նոր նշաձող սահմանած է մեր մրցոյթին մէջ, եւ մենք կասկած չունեինք, որ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը գերազանց հանդիսութիւն պիտի կազմակերպէ յոբելենական այս տարուան մէջ: Մենք ոգեւորութեամբ կը սպասենք Հանրային հեռուստաընկերութեան հետ աշխատանքին: Անհամբեր ենք տեսնելու, թէ ինչպէս Երեւանի մեր գործընկերները գործի պիտի դնեն այն բացառիկ ոգեւորութիւնն ու աւիւնը, որ ունին «Մանկական Եւրոտեսիլէ» մրցոյթին հանդէպ», նկատած է «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ի գործադիր ղեկավար Մարթին Օսթերտալը: