image
Հրատապ լուրեր:

ՄԱԿ-ը Շըրին Ապու Աքլէի մասին կարեւոր զեկոյց մը հրապարակած է

ՄԱԿ-ը Շըրին Ապու Աքլէի  մասին կարեւոր զեկոյց մը հրապարակած է

Մենք կը կարծենք, որ կրակոցները, որոնց հետեւանքով սպաննուած է Շիրին Ապու Աքլէն, արձակած են Իսրայէլի անվտանգութեան ուժերը: Խորապէս անհանգստացնող է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները քրէական հետաքննութիւն չեն կատարած:

 

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ «Ալ Ժազիրա» լրատուականի ծագումով պաղեստինցի լրագրողը սպաննուած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ արձակուած կրակոցի հետեւանքով, մինչդեռ Իսրայէլը շտապած է այդ տեղեկութիւնը «անհիմն» որակած է:

Յիշեցնենք, որ լրագրողը սպաննուած էր Մայիս 11-ին, երբ կը լուսաբանէր Ժընին գաղթակայանին մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնները:

«Մենք կը կարծենք, որ կրակոցները, որոնց հետեւանքով սպաննուած է Շիրին Ապու Աքլէն, արձակած են Իսրայէլի անվտանգութեան ուժերը: Խորապէս անհանգստացնող է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները քրէական հետաքննութիւն չեն կատարած», Ժընեւի մէջ լրագրողներուն ըսած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գրասենեակի մամուլի խօսնակ Ռաւինա Շամտասանին եւ նշած, որ Մարդու իրաւունքներու գրասենեակը աւարտած է միջադէպի սեփական անկախ վերահսկողութիւնը: Ան մատնանշած է, որ լրագրողներու մերձակայքին զինուած պաղեստինցիներու գործողութիւններու մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ յայտնաբերուած:

Վերոնշեալ հետաքննութեան ընթացքին տեղեկութիւններ ստացուած են իսրայէլացի զինուորականներէ եւ Պաղեստինի գլխաւոր դատախազէն:

Իսրայէլի բանակը, իր հերթին, նշած է, որ հնարաւոր չէ մահուան եղելութիւնը պարզել: