image

ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդը ապրիլ 8-ին պիտի քննարկէ ՄԱԿ-ին Պաղեստինի անդամակցութեան հարցը

ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդը ապրիլ 8-ին պիտի քննարկէ ՄԱԿ-ին Պաղեստինի անդամակցութեան հարցը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը երկուշաբթի՝ 8 ապրիլին, փակ նիստ պիտի գումարէ, որու թեման պիտի ըլլայ Պաղեստինի խնդրանքը՝ վերսկսիլ ՄԱԿ-ի մշտական անդամ դառնալու դիմումի քննարկումը։

Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են ՄԱԿ-ի մօտ Մալթայի մշտական ներկայացուցչութենէն, որ ապրիլին կը զբաղեցնէ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը։

Պաղեստինը ՄԱԿ-ի մշտական դիտորդի կարգավիճակ ունի։ 2011 թուականին Պաղեստինի իշխանութիւնները դիմած էին համաշխարհային կազմակերպութեան մշտական անդամակցութեան համար, սակայն աւելի ուշ երկիրը որոշած որոշ ժամանակ մնալ որպէս մշտական դիտորդ։