Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի հայրը ՝ Ճօրճ Սէլիմեան: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Հալէպի Հայ Աւետարանական «Բեթէլ» եկեղեցւոյ դիմատետրի էջով: Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Նիւ Ճըրզիի մէջ, իսկ Հալէպի մէջ այս առթիւ Վերապատուելի Սէլիմեան ցաւակցութիւններ պիտի ընդունի «Բեթէլ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ 18 յունուարի յետմիջօրէի ժամ 4:00-էն 8:00:
«Արեւելք» այս տխուր առիթով իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Վերապատուելի Սէլիմեանին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ անդամներուն եւ համայն Սէլիմեան գերդաստանին:
«Յիշատակն Արդարոց Օրհնութեամբ Եղիցի»: