Լոս Անճըլըսի «Մասիս» պարբերականէն կը կարդանք՝
Հայկական Կրթական Բարե-սիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ) կազմակերպեց 7-րդ Տարեկան կրթանպաստներու բաշխումը Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025-ին Փասատինայի իր կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած ընթրիքի մը ընթացքին, որուն ներկայ էին համայնքային առաջնորդներ, հովանաւորներ, ընտանիքներ եւ ուսանողներ` նշելու համար խումբ մը ուսանողներու ձեռքբերումները` կրթական մարզէն ներս:
Երեկոն սկսաւ Դոկտ. Ռոզին Տէր-Դաւիթեանի ողջոյնի խօսքով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց շարունակական աջակցութեան համար ու յատուկ գոհունակութիւն արտայայտեց Կրթանպաստներու Յանձնախումբի նուիրեալ անդամներուն, որոնց շարքին էին յանձնախումբի ատենապետ` Վազգէն Խոտանեան, եւ անդամներ Ժիրայր Կիրակոսեանին, Թալին Քէշիշօղլեանին, Խաչիկ Քէչեանին եւ Կարինէ Քոճապապեանին: Ան նաեւ յիշատակեց Թադէոս Քորօղլեանը եւ Լուսինէ Պոյամեանը, որոնք չէին կարողացած ներկայ գտնուիլ` ճամբորդութեան պատճառաւ:
Երեկոյն վարեց Էլեն Վարդանեանը, քաղաքական գիտութիւններու ուսանող եւ գործունեայ անդամ հայ համայնքէն ներս: Վարդանեան վերջերս աւարտեց իր փորձաշրջանը Ուաշինկթընի մէջ` Հայկական Համագումարի եւ Osgood Center-ի հետ: Ան ընդգծեց երիտասարդութեան հզօրացման անհրաժեշտութիւնը` գիտելիքի, ծառայութեան եւ պահանջատիրութեան միջոցով:
Հանդիսավարուհին յայտնեց, որ 2017-էն ի վեր, ՀԿԲՄ-ը անցնող եօթը տարիներու ընթացքին յատկացուցած է աւելի քան150 հազար տոլար` աջակցելով աւելի քան 70 ուսանողներու` Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: «Այս տարի, մրցանակներ ստացան հայ ուսանողներու նոր խումբ մը, որոնք կը հետապնդեն բարձրագոյն կրթութիւն տարբեր ոլորտներու մէջ` ներառեալ քաղաքական գիտութիւն, մաթեմատիկա, միջազգային յարաբերութիւններ, հասարակագիտութիւն եւ կենդանաբանութիւն», ըսաւ ան:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր` Դոկտ. Թալին Կրիկոր, Քալիֆորնիայի Տէյվիս Համալսարանի Գեղարուեստի եւ Ճարտարապետական Պատմութեան Բաժնի դասախօս: Որպէս հետգաղութային եւ ֆեմինիստական գեղարուեստի եւ ճարտարապետական պատմութեան առաջատար գիտնական, ան ներկայացուց իր նոր հրատարակուած գիրքը` “The Armenian Woman, Minoritarian Agency, and the Making of Iranian Modernity, 1860-1979”, հեղինակուած Դոկտ. Հուրի Պերպէրեանի հետ միասնաբար: Կրիկոր ընդգծեց հայ կիներու կարեւոր դերը Իրանի արդի պատմութեան մէջ եւ շեշտեց կրթութեան ուժը` իբրեւ հզօրացման միջոց:
Երեկոյի ամենաոգեւորող պահերէն մէկը եղաւ Մհեր Պապիկեանի ելոյթը: Ան որպէս աւագ կառավարիչ Ernst & Young ընկերութեան մէջ, իր ծննդեան եւ աւարտական տարեդարձի բոլոր նուէրները փոխանցեց ՀԿԲՄ-ի կրթանպաստներու Հիմնադրամին ի յիշատակ իր տատիկին` Տիկ. Արաքսի Պապիկեանի: Ան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն հետամուտ ըլլալ բարձրագոյն կրթութեան` անկախ բոլոր խոչընդոտներէն:
2025-ին Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներէն կրթանպաստներու արժանացան ուսանողներն էին․
Սոֆիա Գէորգեան, Էլեն Յովհաննիսեան, Սամանթա Քէլէճեան, Սուզան Լաչինեան, Օհան Սէմիրճեան, Վերժին Շաղրիկեան եւ Սարգիս Սիմոնեան:
Շահողները կիսեցին իրենց ուսումնական եւ անձնական պատմութիւնները` ընդգծելով ՀԿԲՄ-ի աջակցութեան խորքային ազդեցութիւնը իրենց ակադեմիական եւ համայնքային նպատակներուն իրագործման մէջ:
Երեկոյ աւարտին Դոկտ. Տէր-Դաւիթեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն, որոնք այս միջոցառումը հնարաւոր դարձուցին:
«Ձեր ներդրումները` մեծ թէ փոքր, իսկապէս փոփոխութիւն կը բեռեն: Միասին, մենք կը ներդրենք մեր երիտասարդութեան եւ մեր համայնքի ապագային մէջ»,- ըսաւ Դոկտ. Ռոզին Տէր-Դաւիթեան: