image

Լոնտոն. Լոյս տեսած են «Կաթողիկոսն ու Կոմիսարը. Հայոց Եկեղեցին Խորհրդային վարչակարգին ներքոյ» աշխատութեան զոյգ հատորները

Լոնտոն. Լոյս տեսած են «Կաթողիկոսն ու Կոմիսարը. Հայոց Եկեղեցին Խորհրդային վարչակարգին ներքոյ» աշխատութեան զոյգ հատորները

Լոնտոնի «Կոմիտաս Հիմնարկ»ը կը պատրաստուի հանրութեան դատին ներկայացնել հրատարակել նշանաւոր գործ մը Հայոց Եկեղեցւոյ մասին խորհրդային շրջանին։

Հիմնարկը յարգուած հրատարակչական կեդրոն է եւ այն կը համարուի Սփիւռքի մէջ անգլերէն լեզուով հայոց վերաբերեալ գիրքերու գլխաւոր հրատարակիչներէն մին։

Նոր հրատարակութիւնը՝ «Կաթողիկոսն ու Կոմիսարը. Հայոց Եկեղեցին Խորհրդային վարչակարգին ներքոյ», կը բաղկանայ երկու հատորներէ, կը տարածուի 1500-է աւելի էջերու վրայ եւ բաժնուած է 43 գլուխներու ու 400-է աւելի ենթավերնագիրներու։

 

Ուսումնասիրութիւնը կը սկսի Ռուսական Յեղափոխութենէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ու կը հասնի մինչեւ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան աւարտի օրերուն։ Գիրքի հեղինակն է Ֆելիքս Քորլի՝ մասնագէտ մը Խորհրդային Միութեան մէջ կրօնական հարցերուն։ Հեղինակիը չի գործածեր հայերէն աղբիւրներ, եւ լայնօրէն կը վկայակոչէ ռուսերէն հրատարակուած եւ արխիւային նիւթեր։ Ան յատկապէս օգտուած է նախկին KGB-ի արխիւապետի մը յուշերէն, որ փախուստ տուած էր դէպի Արևմուտք։ Անոր նիւթերուն մէջ կը գտնուին զգայուն տեղեկութիւններ Հայոց Եկեղեցւոյ ներքին կեանքին մասին` խորհրդային տարիներուն։

 

 «Արեւելք»ի Հարցումին պատասխանելով՝ «Կոմիտաս Հիմնարկ»ի գործադիր տնօրէն` Արա Սարաֆեան շեշտեց, որ գիրքը լուրջ գիտական ուսումնասիրութիւն մըն է. «հիմնարար գործ մը, զոր պիտի կարդան թէ՛ գիտնականները, թէ՛ հոգեւորականներն ու ընդհանրապէս հասարակութիւնը»։

 

Հայաստանի մէջ այսօր եկեղեցւոյ դերին նկատմամբ եղած հետաքրքրութեան յարելով, հարց տուինք Սարաֆեանին, թէ ի՞նչ յարաբերութիւններ ունեցած են Եկեղեցին եւ KGB-ն։ Սարաֆեան դիւանագիաբար պատասխանեց եւ նշեց, որ հեղինակ Ֆելիքս Քորլին «կողմնակալութիւն ռունի եւ քաղաքականութեան չի զբաղիր»։ Սարաֆեան նաեւ աւելցուց, որ թէեւ գիրքին մէջ կը գտնուին յղումներ Եկեղեցւոյ եւ Խորհրդային Գաղտնի Սպասարկութեանց կապերուն մասին, սակայն անոնք պէտք է կարդալ ճիշդ պատմական համատեքստին մէջ՝ առանց դիւրին եզրակացութիւններու հասնիլ փորձելու։ Երբ մանրամասնութիւններ պահանջեցինք, ան պարզապէս խորհուրդ տուաւ՝ գիրքը կարդալ։

 

 

 

 

 Նշենք, որ հատորի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի մէջ 18 Սեպտեմբեր 2025-ին։ 

 

«Կաթողիկոսն ու Կոմիսարը. Հայոց Եկեղեցին խորհրդային վարչակարգին ներքեւ», հեղինակ՝ Ֆելիքս Քորլի, պիտի ներկայացուի Լոնտոնի Հայ Տուն (25 Cheniston Gardens, London W8 6TG)։ 

 Սոյն միջոցառման հրաւէր ստանալու համար (RSVP պարտադիր) դիմեցէ՛ք՝ books@gomidas.org