image

Լրացաւ Իրաքի Հայոց Առաջնորդին ընտրութեան առաջին տարեդարձը. Տեղի ունեցած գեղարուեստական երեկոյ

 Լրացաւ Իրաքի Հայոց Առաջնորդին ընտրութեան առաջին տարեդարձը. Տեղի ունեցած գեղարուեստական երեկոյ

 Օրերս իր լրումին հասած է Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի ընտրութեան առաջին տարեդարձը։ Երիտասարդ միաբանը կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կարողացած է իր շուրջ համախմբել համայնքի եկեղեցանուէր հանրութիւնն ու երիտասարդութիւնը։ 

Ուշագրաւ է նաեւ,որ այս բարեբաստիկ առիթին համընկընած է գրական-գեղարուեստական երեկոյթ մը, որ գրաւած է հանրութեան ուշադրութիւնը։

Ինչ կը վերաբերի երեկոյթին, ապա այդ մասին կը կարդանք Իրաքի Հայոց Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի, Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը, Կիրակի, Մայիսի 28-ին, Պ.Հ.Ե.Ե. միութեան սրահին մէջ կազմակերպեց գրական- գեղարուեստական երեկոյ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-րդ ամեակին։

Ձեռնարկին սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան կատարողութեամբ՝ հնչեց Հայաստանի հիմնը, ապա բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր՝ Պրն. Պերճ Թիւֆէնկճեան: 

Այս պանծալի օրուան առիթով, իր սրտաբուխ խօսքը արտասանեց Իրաքի մօտ ՀՀ Դեսպանութեան հաւատարմատար՝ Պրն․ Ալիկ Ղարիպեան: 

Հոգեւոր ու Հայրենասիրական երգերով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ՝ յայտագրին մաս կազմեցին երկսեռ երիտասարդութիւն։ Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդի Օրհնութեան խօսքով: