Հերթական անգամ մեծ ցնցումի մէջ Լիբանանի ժողովուրդը։
Խնդիրն այն է, որ հերթական անգամ տնային աղախին մը սպաննած է իր տանտիրոջ։
Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ Աճալթուն շրջանի անվտանգութեան մարմիններ ահազանգ ստացած են արտակարգ դէպքի մը մասին եւ աւելի ուշ պարզուած է, որ Գամէրունցի աշխատող-աղախինը դաշունահարած ու ապա խեղդամահ ըրած իր տանտիրուհին։
Սպաննուածը 41 տարեկան էր, եւ մայր զաւակաց։
Լիբանանի մէջ գրանցուող նմանատիպ դէպքերը նորութիւն չեն եւ տարբեր անգամներ աշխատանքի համար Լիբանան հասած աղախիններէն շատեր, նոյնիսկ առանց պատճառի կամ նախապատմութեան կը սպաննեն իրենց տանտէրները։