Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-հայաստանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:
Հանդիպումէն ետք Մկրտչեան յայտնեց, որ Ժրէյժի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ ընդգծուած է Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը` տեղեկատուական մարզին մէջ:
Մկրտչեան շեշտեց, որ լսատեսողական մարզի եւ գրաւոր մամուլի արձանագրած զարգացումներուն առընթեր կարեւոր է, որ մարդիկ տեղեկութիւնները ստանան վստահելի աղբիւրներէն:
Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց նաեւ Ազգային լրատու գործակալութեան կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ գործակալութեան նախագահ Լոր Սլէյման-Սաապի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական մարզին մէջ Հայաստան-Լիբանան գործակցութեան հեռանկարները: