image

Լիբանանեան շարժապատկերի ՝ «Տոն Ժուան»ը. Մահացաւ լիբանանցի դերասան Ֆատի Իպրահիմը

  Լիբանանեան  շարժապատկերի ՝  «Տոն Ժուան»ը. Մահացաւ լիբանանցի դերասան Ֆատի  Իպրահիմը

 Լիբանանցի յայտնի եւ տաղանդաւոր դերասան Ֆատի Իպրահիմ կնքած է իր մահկանացուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ լիբանանեան մամուլէն։

 Կը նշուի, որ Իպրահիմի ( 67 տարեկան) առողջութիւնը կտրուկ ձեւով վատացած էր ու անոր կեանքին համար պայքարող բժիշկները ստիպուած էին զինք փոխադրել խտացուած խնամքի բաժին, ուր մահաքուն մէջ մտնելէ ետք ան կնքած է իր մահկանացուն։

Շաքարախտէ եւ երիկամային խնդիրներէ տառապող Իպրահիմ հիւանդանոց փոխադրուած էր շուրջ երկու ամիս առաջ, ուր կը հետեւէր բժիշկներու թելադրանքներուն։

Վերադառնալով Իպրահիմի թողած աւանդին, ապա պէտք է նշել, որ անոր աստղը առաւելաբար կը փայլէր 90-ականներու սկիզբին, ուր որպէս գլխաւոր հերոս (Նատէր Սապպաղի դերով) հանդէս կու գար Լիբանանի հանրութիւնը իր ուշադրութեան տակ առած «Ալ Ասիֆա թահուպ մարաթէյն»  ( Հայերէնով ՝«Փոթորիկը   երկու անգամ կը հարուածէ»)տեսաշարով։

 Աւելի ուշ ան այդ տեսաշարին ճամբով ձեռք ձգած հմայքով շարունակեց իր վաստակաւոր դերասանի երեւումները եւ հանդէս եկաւ լիբանանեան ու արաբական տասնեակ շարժակարներով։

 Արաբական աշխարհի պարագային եւս Իպրահիմ կարողացաւ նուաճել արաբ հասարակութեան սիրտը եւ անոր հռչակը հասաւ մինչեւ Եգիպտոս, ուր լիբանանեան արուեստի «Տոն Ժուան»ը համագործակցեւ Եգիպտոսի ամենափայլուն աստղերէն՝ Ատէլ Իմամի հետ։

 Իր մահով Ֆատի Իպրահիմ կը փակէ թուականներուն մեծ ծաղկում ապրած լիբանանեան տեսաշարային արուեստի ոսկեայ էջերէն մին, սուգի լայն ալիք մը թողնելով զինք սիրողներուն սրտերուն մէջ։