Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Աղտամի շրջանին մէջ ռուս-թրքական մոնիթորինկի (հսկողութեան) կեդրոնը պիտի սկսի աշխատանքը 30 յունուարին, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ յղում ընելով իրազեկ աղբիւրին:
Գործակալութեան զրուցակիցի խօսքով՝ կեդրոնին մէջ պիտի աշխատին 60 ռուս եւ 60 թուրք զինծառայողներ, իսկ մոնիթորինկ (հսկողութիւն) պիտի իրնականացուի նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու կիրառմամբ, կը հաղորդէ ՆՍՆ-ը: