Հայ-թրքական սահմանը կրնայ բացուիլ Հայաստանի ընտրութիւններէն առաջ
Այս մասին այսօր գրած է մեծ ազդեցութիւն ունեցող հարթակ՝ Bloomberge-ը։
Սագօ Արեանի էջ-էն կը կարդանք՝
Լուրը հակիրճ՝
Թուրքիա կը դիտարկէ իր ցամաքային սահմանը Հայաստանի հետ բանալու հնարաւորութիւնը՝ յառաջիկայ վեց ամսուան ընթացքին։Պարբերականը, որ այս լուրին կապակցութեամբ յղում տուած է իր սեփական աղբիւրներուն նաեւ կը նշէ՛, թէ այս մէկը վերջ պիտի դնէ Եւրոպայի մէջ մնացած վերջին փակ սահմանին՝ «Պաղ պատերազմ»ի ժամանակաշրջանէն ի վեր, եւ պիտի ստեղծէ պայմաններ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ առևտուրը աշխուժացնելու համար։
Ատրպէյճանի հետ դիւանագիտական առաջընթացը եւ Թուրքիոյ հետ սահմանը բացելու հաւանականութիւնը Փաշինեանին կրնայ տալ լուրջ խթան՝ 2026-ի Յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ցարդ գոյութիւն չունին , իսկ սահմանը փակ մնացած է 1993-էն ի վեր։