14 Հոկտեմբերին Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Մինսք գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Հայաստանի ու Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական բազմոլորտ համագործակցութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող խնդիրներուն շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցեր։