Նոյեմբեր 8-ին կայացած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հեռախոսազրոյցը:
Ըստ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, նախարարները շարունակած են մտիքերու փոխանակութիւնը ԼՂ հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական բոլոր գործողութիւններու եւ կրակի ամբողջական դադրեցման վերաբերեալ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն կողմէ եռակողմ յայտարարութեան ընդունման մէկամեակի նախաշեմին:
Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են նաեւ ռուս-հայկական դաշնակցային փոխգործակցութեան, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի առանձին խնդիրներուն վերաբերող հարցերու: