Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովը, Արարատ Միրզոյեանը եւ Ճէյհուն Պայրամովը Աստանայի մէջ քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած համատեղ ջանքերը։
Ըստ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ կողմերը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ համակողմանիօրէն հետեւելու Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու՝ 2020 թուականի 9 նոյեմբերի, 26 նոյեմբերի եւ 2021-ի 11 յունուարի յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթներուն։
Առարկայական դիտարկում իրականացուած է տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման հարցերու վերաբերեալ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի, նաեւ Ռուսիոյ խորհրդակցական աջակցութեամբ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հարցերով աշխատանքներու ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ երեք երկիրներու հանրութեան ներկայացուցիչներու ու փորձագէտներու երկխօսութեան շրջանգիծէն ներս:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին։
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է առաջիկային շարունակելու եռակողմ շփումները տարբեր մակարդակներով։