image
Հրատապ լուրեր:

Լարուած իրավիճակ Երեւանի «Ազնաւուր» հրապարակին վրայ

Լարուած իրավիճակ  Երեւանի «Ազնաւուր» հրապարակին վրայ

Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ բողոքի հաւաք տեղի կ'ունենայ` 21 Սեպտեմբերին Անկախութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութիւնը չեղեալ համարելու պահանջով:

 

Բողոքի մասնակիցները հաւաքուած են «Մոսկուա» կինոթատրոնին մօտ, ուրկէ երթով պիտի ուղղուին դէպի Հանրապետութեան հրապարակ։

 

Բողոքը կը հսկեն ոստիկանութեան մեծ թիւով աշխատակիցներ եւ կարմիր  «պերէթաւոր»ներ:

 

Բողոքի հաւաքին մասնակիցները բարձրախօսով յայտնեցին, որ պիտի շարունակեն պայքարիլ, որքան ալ որ իրենց բերման ենթարկեն։ Իրավիճակը լարուեցաւ եւ սկսաւ քաշքշուք, որմէ ետք ոստիկանները պատ կազմեցին եւ սկսան բերման ենթարկել բողոքի մասնակիցներուն`թոյլ չտալով, որ անոնք ուղղուին հրապարակ։