image

Կոչ Իրանին՝ արագ համաձայնութեան գալու միջուկային գործարքը վերականգնելու

Կոչ Իրանին՝ արագ համաձայնութեան գալու միջուկային գործարքը վերականգնելու

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց կոչ ըրած է Իրանին՝ արագ քայլերու ձեռնարկելու եւ համաձայնութեան գալու միջուկային գործարքը վերականգնելու հարցին մէջ:

«Մենք կը փափաքինք, որ Վիեննայի մէջ համաձայնութիւն ձեռք բերուի», յայտարարած է Գերմանիոյ առաջնորդը` յաւելելով․ «Հիմա որոշում կայացնելու ժամանակն է, այլեւս պէտք չէ եւ չի կրնար յետաձգուիլ»:

Արեւմուտքը յոյս ունի փաստաթուղթի շնորհիւ հասնիլ Իրանի միջուկային նկրտումներու զգալի կրճատման: Անցեալ տարուընէ Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ բանակցութիւններու մի քանի փուլ տեղի ունեցած է նոր համաձայնութիւններու հարցով, առայժմ, սակայն, ապարդիւն: