Հիւանդանոցին մէջ բժիշկները ոստիկաններուն յայտնած են, որ վիրաւորը ի վիճակի չէ կատարուածի մասին բացատրութիւն տալու: Շէնգաւիթի ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Երեւանի բնակիչ, 27-ամեայ Յովսէփ Դ.-ն է:
Ոստիկանները պարզած են նաեւ, որ ան հիւանդանոց տեղափոխուած է Բագրատունեաց 4-րդ նրբանցքի 21 շէնքի բակէն:
Ոստիկաններն ու քննիչները նշուած շէնքի բակին մէջ յայտնաբերած են BMW 320i մակնիշի մեքենայ, որու վրայ յայտնաբերուած են կրակոցի, իսկ մեքենայի սրահին մէջ ալ՝ արնանման հետքեր:
Փաստի առթիւ Շէնգաւիթի քննչական բաժնէն ներս յարուցուած է քրէական գործ: