Լարուած մթնոլորտը կը շարունակէ տիրական մնալ ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս։
Այս մասին տեղեկութիւնը երեւելի դարձած է ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած տեսանիւթերէն։
Առաւօտուն եղած իրար վրայ շիշ նետելու միջադէպէն ետք, այս անգամ բախում եղած է մէկ կողմէ «Հայաստան» դաշինքի անդամ Վահէ Յակոբեանի եւ միւս կողմէ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ Վահագն Ալեքսանեանին միջեւ։
Տարածուած տեսանիւթին մէջ ալ երեւելի կը դառնայ, որ ինչպէս Յովակիմեանը ոտքով հարուած կու տայ Վահէ Յակոբեանին ու ապա անոր «օգնութեան» կը հասնին Վահէ Ղալումեանն ու Հայկ Սարգսեանը։
Միջադէպէն ետք տեղի ունեցած է ընդմիջում , որմէ ետք այս պահուն ժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները։
Յիշեցնենք, որ Ազգային Ժողովի այս նիստերը կը կատարուին քննելու համար Փաշինեանի կառավարութեան ծրագիրը, որուն ընթացքին ԱԺ պատգամաւորներուն առիթ պիտի տրուի հարցումներ տալու կապուած կառավարութեան ընդհանուր ծրագրին։
Տեսանիւթը՝ «Թերթ.ամ»էն