image

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (14)

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (14)

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (14)

Սիրելի՛ բարեկամներ,

Այս յօդուածը կը սկսիմ շատ հաճելի լուրով մը:

Ուրեմն ի յայտ կու գայ, որ մենք ունինք ճափոնցի հայագէտ մը, որ կը ստանայ ու կը կարդայ  մեր յօդուածները,  մրցոյթներուն ալ կը մասնակցի: Ան արեւելահայերէն կ’ուսուցէ Ճափոնի մէջ: Յօդուածներս կը ստանայ  Վահէ Աբէլեանէն, որ 60 տարի առաջ  աշակերտս էր ս. Նշանի մէջ եւ հիմա այս բոլորը ինծի իմացնողն է: Ան յայտնեց նաեւ, որ  այդ  հայագէտը  կը փափաքի ուղղակի ինձմէ ստանալ յօդուածներս: 

Անշուշտ մեծ հաճոյքով ընդառաջեցի  այս ազնիւ  ցանկութեան: 

Կը դնեմ  իր ել-հասցէն, եթէ  հետը կապուիլ ուզողներ ըլլան ձեզմէ:

Tacayuki Yoshimura : t-yoshimura@aoni.waseda.jp 

*      *

*

Հիւսեյն Ապտոլլահեան

Կարծեմ իբրեւ զտարիւն (արեւմտա)հայ՝ մեծ հաճոյքով կարդացիք վերջերս, որ Պարսկաստանի նորընտիր նախագահը արտգործնախարար նշանակած է Ապտոլլահեանը:

Վստահ եմ այնքան միամիտ չէք՝ ենթադրելու, թէ ան... հայ մըն է, ինչպէս հակամէտ ենք կարծելու՝ ամէն անգամ որ հանդկիպինք մականուանական եան-ին. օրինակ՝ Քարայեան, Կիւտերեան, տ’Արթանեան եւ այլն,  եւ ահա այս բոլորին վրայ Ապտոլլահեան:  

Չգիտցողը պիտի զարմանայ, թէ այս հայկական եան-ը ուրկէ՞ գացեր-գտեր է այդ նախարարը: Մինչդեռ, իրականութիւնը բոլորովին ուրիշ է.  եան-ը պարսկական  մասնիկ է, պատկանելութիւն ցոյց կու տայ եւ բաւական տարածուած է պարսիկներու մէջ: Եւ պարսիկներէն անցած է հայերուս: 

Նախ՝ շատ զգուշօրէն: 

Փաստօրէն   Ե. դարուն հազուագիւտ են  եան մականունը կրող հայեր, ինչպէս՝ Մամիկոնեան: Աւելի ուշ է, որ ան հետզհետէ բազմացած, ընդհանրացած եւ վերածուած է ազգային առանձնանշանի (logo), այնքան որ  մեր նորագոյն պատմութեան մէջ անըմբռնելի կը մնայ պարագան անոր, որ եան չունի իր մականունին ետեւը: 

Ասով ալ մենք կ’առանձանանք համաշխարհային առումով՝ մականուանական ուրոյն մասնիկի մը առկայութեան ընդհանրութեամբ եւ  բացարձակութեամբ: Կան ուրիշ ժողովուրդներ, որոնց մէջ որոշ չաոփվ տարածուած  է մասնիկ մը: 

Օրին յոյներու մէջ տարածուած էր  ησ-ès-էս մականուանական վերջը՝ Սոկրատէս, Էսքիլէս, Սոփոկլէս: Աւելի ուշ էս>իս հնչիւնափոխութեան հետեւանքով ունեցանք՝ Օնասիս, Քազանցաքիս եւ այլն: Նորագոյն ժողովուրդներէն  ռուսերուն մէջ բաւական տարածուած է of-ոֆ մասնիկը՝ Korsakoff, Tchekoff, Zacharoff  եւ  թէկուզ  եան-ը պարսիկներուն մէջ:

Այս բոլորին մէջ, այդ ազգանուանական մասնիկները չունին  այն ընդհանրութիւնը, որ ունի եան-ը  հայոց մէջ:

Ասկէ ալ կը բխի այդ մասնիկին ունեցած գերագոյն նշանակութիւնը մեր մէջ, մեզի համար եւ մեր կառչածութիւնը անոր: Հայը ինքզինք նսեմացած, այլասերած պիտի նկատէր, եթէ այս կամ այն պատճառով իր մականունին վրայ ստիպուէր չկրել եան-ը, որ բանիւ նովին նաեւ ազգային դիմագիծ կը պարգեւէ զայն կրողին եւ  ատով ալ ունի ազգապահպանման շատ մեծ նշանակութիւն մը, որ անշեղ գործած է մեր պատմութեան տեւողութեան: Այդ աննշան մասնիկը  Անիի կորուստէն ի  վեր  շատ աւելի լաւ պահպանած է մեր ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը, քան մեր բանակները, սուրն ու զէնքը:  

Եթէ մենք միշտ չէ որ ըմբռնած ենք այս իրողութիւնը, ապա մեր թշնամիները մեզմէ աւելի լաւ ըմբռնած են զայն.  ի մտի ունիմ նախ եւ առաջ թուրքը, որ 20-րդ դարու կէսերէն սկսեալ հետեւողական պայքար մղեց անոր դէմ, եւ այսօր  Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին մեծաթիւ  հայեր, որոնք  իսպառ դադրած են զայն կրելէ: Յատուկ սեւեռումով կամ պատահաբար ստացուած ծանօթութեան մը հիմամբ է, որ  մենք կը հասկնանք, թէ Կիւլմէզկիլ, Տուրսուն, Չոլաքօղլու, Հապէշ, Պալըքճը, Սարըասլան... հայ են: Ասոնք կրնային շատ դիւրաւ նաեւ...թուրք ըլլալ: 

Թերեւս մտածուի, թէ ինչ-ինչ այլանդակոբւթիւններ ալ կան մեր մէջ եւ Թուրքիայէն դուրս, ինչպէս՝ Տաղտեւիրեան, Չպլախեան,  Տաշղրանեան, Պոյնուէյրիեան, Չաթալպաշեան...եւ շարքը շատ երկար է. այո, ճիշդ է, բայց ահա ասոնց ետին գտնուող եան-ը իսկոյն կը փոխէ ամէն բան, եւ ենթակային մէջ մենք կը տեսնենք հայը, ազգակիցը, բախտակիցը:  Չնչելով այդ եան-ը՝ թուրքը զգացական եւ  հոգեբանական խզում կը յառաջացնէ ենթակային ու անոր ազգակիցներուն միջեւ: 

Եւ վերջապէս, առանց այդ եան-ին՝ ազգային դիմագիծի կորուստն ու  ձուլումը շատ աւելի պիտի հեշտանայ, որովհետեւ նման մականուն ժառանգող սերունդը  նուազ մասնակից պիտի  դառնայ  իր ազգակիցներու  հետ շփուելու  առիթներուն: 

                                                                      *   *   *

Ես բաւական զառածեցայ, քանի յօդուածիս տուն տուողը ուղղագրական հարց մըն էր՝ հետւեալը. հայրենի մամուլը այս մականունը տառադարձեց Աբդոլլահիան՝ ի-ով:

Գիտէ՞ք ինչու...

Որովհետեւ արեւելահայը մեզի պէս չտես չէ. ամէն տեղ հայ չի փնտռեր, մէկ կողմէ՝  շուրջը տեսածներէն ձանձրացած է, միւս կողմէ՝ սեփական հայութենէն  ալ ձանձրացած է, եւ ճիշդ այս պատճառաով ալ այնքան դիւրին կը գաղթէ:

Միւս կողմէ՝ տգէտ է, գէթ ուղղագրական հարցերու մէջ.  անոր մտքէն  չէ անցած իսկ, որ այդ նախարարին մականունին կցուած մասնիկը նոյն այն մասնիկն է, որ ինք կը կրէ իր մականունին վրայ: Պատմութիւն ալ չի գիտեր: Այլապէս իր ձեռքը անցած عبداللهیان  մականունը  կա՛մ աբեղեանական ուղղագրութեամբ պիտի տառադարձէր Աբդոլլահյան, ճիշդ ինչպէս կը գրէ իր սեփական մականունը, կա՛մ մեսրոպեան ուղղագրութեամբ՝ Աբդոլլահեան:

Ան պարզապէս  աչքի առաջ ունեցած է բառավերջի ي  տառը, որ իր ցանկերուն վրայ  «ի» նշանակուած է ու վե՛րջ: Եւ փոխարէնը արձանագրած է ի: Ճիշդ ինչպէս մաքսատան պաշտօնեան կ’արձանագրէ Հագոպ՝ Յակոբ-ի փոխարէն, Ուարտան՝ Վարդան-ի փոխարէն եւ...եւ...եւ...

Թերեւս ըսէք`  ի՞նչ պիտի փոխուէր կացութենէն: 

Ես ալ ճիշդ չեմ գիտեր, սակայն պիտի շարունակեմ թաքուն ուրախութեամբ մը ընկալել  մականունը եան-ով աւարտող  իւրաքանչիւր օտարական, առաւել եւս  պարսիկ, որոնց հետ հեռաւոր զարմիկներ ենք, արիւնակիցներ,  ինչպէս կ’ընկալեմ մականունները այն բոլոր հայաստանաբնակ եզիտիներուն, որոնց   մականունները  եան-ով կը վերջանան:

---Գերազգային սկզբունքներով կարելի պիտի ըլլայ ոչ միայն ազգային, այլ համամարդկային արժանիքներու վերահաստատումը:

---Մոսիյեան

---Աբդոլլահիան (արտգործնախարարը) حسین امیرعبداللهیان‎,

---զգացողութիւններումս...առանձնայատկութիւններով  

---«Արցախում հաշմանդամութիւն ձեռք բերած»:

---փոխ նախարար...(Հայրենիք, Հասկ) Հայրենիքը՝ նաեւ փոխ-նախագահ նոյն թիւին մէջ

---տէրոջ-տիրոջ