image

Խաթիպզատէ․ «Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ուղղակի շփումներ չկան»

Խաթիպզատէ․ «Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ուղղակի շփումներ չկան»

Իրանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէն Թեհրանի մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ չնայած միջուկային համաձայնագրին շուրջ շարունակուող բանակցութիւններուն, Միացեալ Նահանգները եւ Իրանը ներկայացնող դիւանագէտներու միջեւ ուղղակի շփումներ չկան։

«Ինչ կը վերաբերի Վիեննայի բանակցութիւններուն, ապա կրնամ ըսել, որ բանակցութիններու այս ամիսներու ընթացքին մենք Միացեալ Նահանգներու հետ ուղղակի շփումներ չենք ունեցած։ Եղած են որոշակի ուղերձներ՝ գրաւոր եւ բանաւոր, որոնք փոխանցուած են ԵՄ ներկայացուցիչ Էնրիքէ Մորայի միջոցով։

Այդ ուղերձները վերաբերած են բուն բանակցութիւններուն, եւ մենք անոնց պատասխանած ենք առանց յապաղելու», նշած է Խաթիպզատէն՝ յաւելելով, թէ ամերիկեան կողմը կ'ընդունի, որ 2015-ին կնքուած միջուկային համաձայնագրի տապալման գլխաւոր մեղաւորը ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփն է։

Նշենք, որ Թրամփի նախաձեռնութեամբ Ուաշինկթընը 2018-ին միակողմանիօրէն հրաժարեցաւ այդ փաստաթուղթով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն։