Մօտ ապագային Ռուսաստանէն կազի մատակարարման արգելքի սահմանումը կրնայ խարխլել հասարակական կարգը Գերմանիաոյ մէջ: Այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ փոխվարչապետ, տնտեսական հարցերու եւ կլիմայի պաշտպանութեան նախարար Ռոպերթ Հապեքը:
«Կազի անյապաղ պատիժը պիտի վտանգէ ընկերային խաղաղութիւնը Գերմանիոյ մէջ: Այսպիսով, մենք պէտք է խոհեմ գործենք, զգոյշ նախապատրաստենք քայլերը եւ կարընանք հաւատարիմ մնալ անոնց», ըսած է ան:
Նախարարը յայտնած է, որ Գերմանիոյ կազի հանքավայրերը հիմնականին մէջ սպառած են: Անոր կարծիքով` թերթաքարային կազի արդիւնահանման հարցով կրնան դժուարութիւններ յառաջանալ ջրային օրէնսդրութեան առումով, քանի որ այն կրնայ արտադրուիլ միայն փլասթի հիտրոլիք ճեղքուածքի մեթոտով: Հապեքը նշած է, որ այժմ չկան նաեւ ընկերութիւններ, որոնք պատրաստ են այդ ընելու:
Ընդ որում, նախարարը նշած է, որ ռուսական ուժանիւթակիրներու աստիճանական մերժումը, այնուամենայնիւ, հնարաւոր է, եւ Գերմանիոյ կառավարութիւնը բաւական յաջող յառաջ կը շարժի այդ ուղղութեամբ:
Բացի այդ, Հապեքը կոչ ըրած է գերմանացիներուն՝ նպաստելու ուժանիւթի խնայողութեան Ուքրանիոյ մէջ ճգնաժամի լոյսին տակ: Անոր խօսքով` «միշտ ալ կայ 10 տոկոս խնայելու հնարաւորութիւն»: «Կան շատ պարզ միջոցներ, որոնք միասին շատ բան կու տան: Անոնք կը սկսին անձնական պահուածքէն: Եթէ դուք կը տաքցնէք բնակարանը եւ երեկոյեան կը փակէք վարագոյրները, ապա կը խնայէք ուժանիւթի մինչեւ հինգ տոկոսը: Իսկ եթէ սենեակին մէջ ջերմաստիճանը մէկ աստիճանով իջեցնէք, ապա կը ստանաք մօտ վեց տոկոս: Այդ կրնայ այդքան ալ յարմար չըլլալ, բայց չէք սառիր», եզրափակեց ան: