image
Հրատապ լուրեր:

Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ 12 հիւանդ Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան, 10–ը` Հայաստանէն Արցախ

Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ 12 հիւանդ Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան, 10–ը` Հայաստանէն Արցախ

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն ուռուցքային եւ սիրտ-անօթային համակարգի ծանր հիւանդութիւններով 12 անձ, այսօր՝ 17 մարտին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն:

10 բուժառուներ, որոնք պետական պատուէրի շրջածիրէն ներս ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներու հետ վերադարձած են Արցախ։

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։

«Արեւիկ» բժշկական միաւորման մէջ 7 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 5 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 1-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 194 հիւանդ։