image

Կառավարութենէն՝ յետքայլ. 2 Յունուարը ոչ-աշխատանքային

Կառավարութենէն՝ յետքայլ. 2 Յունուարը ոչ-աշխատանքային

Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը այսօր՝ Նոյեմբեր 10-ին, իր նիստին ընթացքին հաւանութիւն տուաւ կառավարութեան ներկայացուցած «ՀՀ տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծին: Երկրորդ ընթերցման ընթացքին փոփոխութիւն կատարուած է նախագիծին մէջ եւ կ'առաջարկուի ամանորեայ տօներուն ոչ-աշխատանքային օրեր համարել ոչ միայն Դեկտեմբեր 31-ը, Յունուար 1-ը եւ 6-ը, այլեւ Յունուար 2-ը:

«Մենք առաջինից երկրորդ ընթերցմամբ ուզում ենք առաջարկել փոփոխութիւն կատարել եւ Յունուարի 2-ը եւս ընդգրկել ոչ-աշխատանքային օրերի ցուցակում»,  ըսաւ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատագամաւոր Աղուան Վարդանան յիշեցուց, որ իրենք առաջարկած էին Յունուար 2-ը եւ 7-ը թողել ոչ-աշխատանքային, իսկ Մայր Աթոռն ալ առաջարկած էր ոչ-աշխատանքային թողնել Յունուար 5-ը եւ 7-ը: