Իրանի նախագահ` Իպրահիմ Ռայիսին ընդգծած է իր վարչակազմի պատրաստակամութիւնը զարգացնելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ՝ նշելով, որ սերտ փոխգործակցութիւնը կը բխի երկու հարեւան երկիրներու շահերէն եւ կ'ամրապնդէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:
Ինչպէս յայտնած է «Թասնիմ» գործակալութիւնը, Ռայիսին առանձին ուղերձներ յղած է ՀՀ նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին՝ շնորհաւորելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուայ առթիւ:
Փաշինեանին ուղղուած խօսքին մէջ Իրանի ղեկավարը կարեւորած է Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ փոխադարձ կառուցողական յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն քանակական եւ որակական աճ արձանագրած են:
Ան նկատել տուած է նաեւ, որ երկու հարեւան երկիրներու լայն հնարաւորութիւնները եւ նոր տարածաշրջանային ու միջազգային պայմանները անհրաժեշտ կը դարձնեն փոխադարձ կապերու ամրապնդումը, երկկողմանի համաձայնագիրներու իրագործման ուղղուած ջանքերը, փոխգործակցութեան ուղիներու որոնումը եւ տարբեր ասպարէզներու մէջ կապերու խորացումը:
Ռայիսին ընդգծած է, որ Իրանի եւ Հայաստանի նոր կառավարութիւնները կրնան նշանակալի ձեռքբերումներ ունենալ նոր դարաշրջանին, նպաստել տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան եւ գործել ի շահ երկու բարեկամ ժողովուրդներուն:
Կարեւորելով Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը՝ Ռայիսին նշած է. «Տնտեսական, եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ, փոխադրային եւ ֆինանսական համագործակցութեան հարցերով մասնագիտական աշխատանքային խումբի ստեղծումը կրնայ խթան եւ բեկումնային կէտ դառնալ երկու երկրի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործով»: